Սուրբեր

ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ՊՕՂՈՍ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբերին, Հայ Եկեղեցին կը յիշէ տօնը Պետրոս եւ Պօղոս սուրբ առաքեալներու տօնը, որոնք վճռական դեր ունեցած են քրիստոնէութեան զարգացման ու տարածման մէջ։ Խաչելութենէն ու Յարութենէն ետք, հրեշտակը երեւցաւ Պետրոսին եւ խնդրեց, որ Իր երեւումին մասին տեղեակ պահէր միւս առաքեալները եւ անոնց հաղորդէր Իր պատգամը (Ղկ 24.34-35)։ Պետրոս հռչակաւոր էր իր ճարտասանական ձիրքերով եւ իր տաղանդը գործի դրաւ սուրբ խօսքը տարածելու ի նպաստ։ Քարոզեց Հռոմի մէջ, ուր հիմնեց եկեղեցին։ Հռոմի առաջին եպիսկոպոսը կը համարուի։ Ըստ աւանդութեան, Պետրոս գլխիվայր խաչուեցաւ Հռոմի մէջ, որովհետեւ ինքզինք անարժան յայտարարած էր՝ Տիրոջ պէս խաչուելու։ Ան թաղուեցաւ Հռոմի մէջ, ուր իր մասունքները Ս. Պետրոսի հոյակապ եկեղեցւոյ բարձր խորանին տակ զետեղուած են։

Պօղոս (Սօղոս) ծնած էր Տարսոնի մէջ (Կիլիկիա)։ Առաջին քրիստոնեաները հալածող մըն էր, մինչեւ որ Դամասկոսի ճամբուն վրայ դարձի եկաւ, երբ ճառագայթող լոյս մը զինք կուրցուց եւ ան լսեց ձայն մը որ կ՚ըսէր. «Սօղո՛ս, Սօղո՛ս, ինչո՞ւ կը հալածես զիս:

– Ո՞վ ես, Տէ՛ր,- հարցուց ինք: Ձայնը պատասխանեց.– Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես: Հիմա ոտքի՛ ել եւ քաղաք մտիր. հոն քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պիտի ընես» (Գրծ 9:4-6)։  Սօղոս մկրտուեցաւ ու վերանուանուեցաւ Պօղոս, դառնալով նոր կրօնքի ամենամեծ քարոզիչն ու տարածողը։ Բազմաթիւ աստուածաբաններ անոր կը վերագրեն Եկեղեցւոյ ապագայի ձեւաւուրումը։ Անոր տասնչորս նամակները կ՚ընդգրկեն Նոր Կտակարանի աւելի քան մէկ երրորդը, եթէ չհաշուենք Գործք Առաքելոցը, որ թէեւ գրուած է Ղուկասի կողմէ, սակայն հիմնականին Պօղոսի քարոզութեան պատում մըն է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *