Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 65ԱՄԵԱԿԻՆ

Կիրակի, 18 Դեկտեմբերին, Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ համայնքը (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ նշեց իր 65ամեակը։ Պատարագեց ու քարոզեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը։ Սրբազան Հայրը լուսարձակի տակ առնելով հայ ժողովուրդի սրտին այնքան մօտիկ եղող Յակոբ Մծբնայ հայրապետին սրբակենցաղ վարքը, բայց մանաւանդ Արարատ լեռ բարձրանալու խիզախութիւնը՝ Նոյեան Տապանէն մասունք մը ունենալու համար, գօտեպնդեց հաւատացեալները ամէն տարիքի ու սեռի, որ իրենց դէմ լեռնացող դժուարութեանց դէմ չընկրկին, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ վայելեն իրենց վսեմ երազները։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահը կը յորդէր աւելի քան 200 ծխականներու ներկայութեամբ։ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներու կողմէ գործադրուած յայտագրով, Կաղանդ Պապան եկաւ իր մոգական ներկայութեամբ առաւել եւս խանդավառութիւն ստեղծել մանուկներու սրտերուն մէջ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա․ Քհն․ Պալճեան, մրցանակներ բաշխեց Կիրակնօրեայ վարժարանի չորս աշակերտներու, որոնք հանդիսացած էին տարուան լաւագոյն աշակերտները՝ Մէրի Աշպահեան, Քրիսթիան Մանճիկեան, Մայքլ Նահաճեան եւ Քէյթի Նաճարեան։ Այնուհետեւ, Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագրեր տրուեցան Թամար Գանարեանի, Սիլվա Պահլաւունիի, Մայքլ Կիւզէլեանի, Սօսի Մկրտիչեանի եւ Ծատուր Ա. Սրկ. Պետոյեանի, որոնք իրենց բազմամեայ ծառայութեամբ եկեղեցւոյ եւ գաղութի կեանքը բարգաւաճեցուցած էին։

Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը, շնորհաւորելէ ետք պատմական այս տարեդարձը, խօսեցաւ անցնող շաբաթ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած Ազգային Ընդհանուր Ժողովին քննարկուած նիւթերէն՝ ընտանիքի եւ համագործակցութեան կենսական զոյգ հարցերու մասին։ Սրբազան Հայրը շեշտեց մեր պարտականութիւնը՝ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի կողքին կանգնելու, մանաւանդ ճակատագրական այս օրերուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերջին ամիսներու շրջագայութիւնը, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը տանելով ամէնուրեք, կը զուգադիպէր Սփիւռքի Տարուան հռչակագրին, վկայելով Արեւելեան Թեմի բոլոր ծուխերուն կենսունակութեան ու համավարակէն ետք վերաշխուժանալու ընթացքի վճռակամութեան մասին։