Սուրբեր

ՄԵԾՆ ԲԱՐՍԵՂ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐԸ՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԻՒՍԱՑԻ, ՍԵՂԲԵՍՏՐՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՀՌՈՄԻ ԵՒ ԵՓՐԵՄ ԽՈՒՐԻ ԱՍՈՐԻ

Շաբաթ, 30 Դեկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Բարսեղ, Գրիգոր Նիւսացի, Սեղբեստրոս Հռոմէացի եւ Եփրեմ Ասորի սուրբ հայրերը։

Սուրբ Բարսեղ Մեծը մտաւորական արտակարգ ղեկավար մըն էր ու տաղանդաւոր գրող մը, որ քրիստոնէութեան տարածման մեծապէս սատարած է։ Քսանվեց տարեկանին հարստութիւնը նուիրած է եւ վանական դարձած։ Կեանքը ժողովուրդին ընծայած է, շինելով հիւանդանոցներ, կացարաններ եւ հանրային խոհանոցներ, որպէսզի կարիքաւորներուն ուտելիք բաշխուի։ Ս. Բարսեղ Մեծի աղօթքները մինչեւ օրս կը գործածուի Հայ Եկեղեցւոյ, ինչպէս եւ այլ արեւելեան եկեղեցիներու կողմէ։

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի Բարսեղի կրտսեր եղբայրն էր եւ քրիստոնեայ ուրիշ մեծ մտաւորականի մը՝ Գրիգոր Նազիանզացիի բարեկամը։ Իր կրթութիւնը ստացած է Աթէնքի մէջ, ազդուելով Որոգինէսի եւ Պղատոնի գործերէն։ Հռետորութեան ուսուցիչ էր, բայց յուսախաբ եղած է ուսուցչական կեանքէն եւ կրօնաւոր դարձած։ Նիւսայի եպիսկոպոս եւ Սեբաստիոյ արքեպիսկոպոս եղած է։

Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի Հայրապետը եղած է Կոստանդին կայսեր ժամանակ՝ աւելի քան քսան տարի։ Բազմաթիւ մեծ եկեղեցիներ շինուած են իր պաշտօնավարութեան ընթացքին։ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին (325) մասնակցած է արիոսական հերձուածին վերաբերեալ բանակցութիւններուն։

Սուրբ Եփրեմ Ասորի ապրած է Միջագետքի մէջ իր ամբողջ կեանքը։ Մկրտուած է 18 տարեկանին եւ ծառայած՝ Ս. Յակոբ Մծբնացիի հրամանին տակ։ Ս. Բարսեղին այցելած է Կեսարիոյ մէջ եւ, վերադարձէն ետք, աղքատներուն ու կարիքաւորներուն յատկապէս օգնած է, ուտելիք ու դրամ բաշխելով 372-373ի ձմրան սովի ընթացքին։ Առ ի ծանօթութիւն, յայտնենք, որ Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի աղօթաժամերուն, մեր հոգեւոր հայրերը՝ այլ աղօթքներու կարգին, նաեւ Ս. Եփրեմի աղօթքները կ՚ընթերցեն։