Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍՏԵՓԱՆ ԱԼԱՋԱՋԵԱՆ (ծնունդ՝ 3 Յունուար, 1924)

Ստեփան Ալաջաջեան, որ ներգաղթած սկսնակ գրագէտ մըն էր, վիպական բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ կեանքի վերջալոյսին արտագաղթելով, այս անգամ՝ Գալիֆորնիա։

Ալաջաջեան ծնած է Հալէպ (Սուրիա), 3 Յունուար 1924ին։ 1946ին ներգաղթած է Հայաստան, ուր 1951 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղի հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան բաժինը։ 1957ին Խորհրդային Միութեան Գրողներու Միութեան առընթեր գրական բարձրագոյն դասընթացքները աւարտած է Մոսկուայի մէջ։ 1957-1963ին աշխատած է «Սովետական գրականութիւն» (այժմ՝ «Նորք») ամսագրին մէջ իբրեւ արձակի բաժնի վարիչ, իսկ 1966-1967ին եղած է «Հայաստան» հրատարակչատան գեղարուեստական գրականութեան խմբագրութեան վարիչ։ 1967-1975ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար եղած է։ 1970ին Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին արժանացած է։ 1980ական թուականներուն Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի տնօրէն եղած է։

Գրական գործունէութիւնը սկսած է 1939ին եւ առաջին հատորը՝ «Վշտի ծաղիկներ» (բանաստեղծութիւններ), հրատարակած է 1942ին։ Հայաստան ներգաղթելէ ետք, անցած է արձակի եւ արեւելահայերէնի։ Հրատարակած է բազմաթիւ վէպեր ու վիպակներ։ Յատկապէս նշանաւոր եղած է «Եղէգները չխոնարհուեցին» երկհատոր վէպով (1966-1967), որ նուիրուած էր Կիլիկիոյ եւ յատկապէս Զէյթունի հերոսամարտին 1920-1921ին։ Աւելի ուշ հրատարակած է «Չսպիացած վէրք» եռահատոր վէպը (1989-1990, 1993) արեւմտահայութեան ծանրագոյն տարիներուն՝ –1912-1915ի մասին։

Ալաջաջեանի գործերը թարգմանուած են զանազան լեզուներու։ Անգլերէնէ ու ֆրանսերէնէ թարգմանած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Հերպըրթ Ուէլսի, Ժան-Փօլ Սարթրի եւ այլոց գործերը։

1980ին եւ 1984ին, Ստեփան Ալաջաջեանի բեմագիրով նկարահանուած են Հենրիկ Մալեանի «Կտոր մը երկինք» եւ Սերգէյ Իսրայէլեանի «Ճերմակ անուրջներ» շարժանկարները։

Առողջական պատճառներով, 1992ին բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըսի մէջ, ուր հրատարակած է «Առագաստ» գրական պարբերաթերթը։ 1993-2009ին հրատարակած է հինգ հատոր յուշագրութիւններ։ 2008ին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է ոսկեայ մետալով։ Մահացած է 23 Դեկտեմբեր 2010ին, Լոս Անճելըսի մէջ։