Մեր դպրոցներէն

ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ԿԼԵՆՎԻՈՒ) ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԸ

15 Յունուարին, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիու, Իլինոյ) կիրակնօրեայ դպրոցին դասերը սկսան։ Դպրոցը վերանուանեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ այս մեծանուն սուրբի վախճանման 850ամեակին առիթով։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը բերեն դպրոց՝ նուիրեալ ուսուցիչներ տիկ. Հուրի Դալարեանի, տիկ. Նայիրի Գրիգորեանի եւ տիկ. Ռոզիկ Սազեանի դասերուն հետեւելու։

Նկարին մէջ՝ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները (երկու հոգի նկարուած չէ) իրենց ուսուցիչներուն եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի հետ։