Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 31 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոս, ընդունեց Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Համազգային Կեդր. Վարչութեան անդամ՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան, Արեւելեան շրջանի Շրջ. Վարչութեան անդամներ՝ Յասմիկ Աբրահամեան (ատենապետուհի) եւ Վարդեվառ Քէշիշեան, եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Ֆլորիա Գասպարեան։ Հանդիպման ընթացքին, տեղի ունեցաւ օգտաշատ զրոյց մը մշակութային եւ կրթական զանազան հարցերու մասին։