Լուրեր

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ԱՌՆՈՒԱԶՆ 6 ՀԱՅԵՐ ԿԱՆ

Երկուշաբթի, 6 Փետրուարի կանուխ ժամերուն, հարաւային Թուրքիան եւ հիւսիսային Սուրիան ցնցած 7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժին եւ անոր յաջորդած շարք մը յետցնցումներուն կիզակէտը Այնթապի եւ Մարաշի մօտ էր, իսկ Ատանան եւ Իսքենտերունը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Լաթաքիա եւ Հալէպ նահանգները եւս ուժգնօրէն ցնցուեցան։ Հինգշաբթի օրուան տուեալներով, զոհերու թիւը հասած էր աւելի քան 20.000ի։

Երկուշաբթի օր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։ Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ցարդ ունինք չորս զոհեր. յատկապէս Հալէպի մէջ բաւական նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Լաթաքիոյ եւ Քէսապի վնասները յարաբերաբար աւելի նուազ են։

Հալէպի մէջ Ազգային Առաջնորդարանը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը պատրաստած է եօթը յատուկ կեդրոններ, որպէսզի ժողովուրդը ապաստան գտնէ աւելի ապահով պայմաններու մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսութեան կողմէ գումար մը յատկացուց Հալէպի հայութեան, յիշեալ կեդրոններուն մէջ ապաստան գտած մեր ժողովուրդի զաւակներուն սննդաբաշխումի աշխատանքներուն համար։ Ան յատուկ նամակ յղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատին՝ իր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով Սուրիոյ ժողովուրդին։

Ըստ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի զեկոյցին, Մալաթիոյ համայնքի ընտանիքներէն մէկուն բնակարանը փլած եւ այր ու կին զոհուած են։