Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԿԵԱՆՔԻ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցած վարդապետութիւնը, որքան որ մեզ կը հրաւիրէ որպէս հաւաքականութիւն մտածել եւ գործել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան  ժառանգորդները, միաժամանակ լուսարձակի տակ կը բերէ իւրաքանչիւր անհատի թանկագին արժէքը, ինչպէս կը կարդանք Կորսուած Ոչխարի եւ Լումայի (Ղկ 15.7, 10),  եւ այլ առակներու մէջ։

Իւրաքանչիւր անձ որ կեանքի կը կոչուի անպայման կատարելիք դեր մը ունի ընկերութեան մէջ։ Նորածին երախան անբացատրելի ու հրաշալի ուրախութիւն կը բերէ իր հետ, եւ իր շրջապատին կեանքը նոր իմաստով ու յոյսով կը լեցնէ։ Իրա՛ւ ըսուած է, թէ «ան որ մէկ անձ կը փրկէ, աշխարհը կը փրկէ», որովհետեւ անձի մը հանդէպ հոգատարութիւնը կ՛արտացոլացնէ յարգանք՝ նաեւ շատերու հանդէպ, ինչպէս մեր Տէրը ըսաւ. «Ան որ քիչին մէջ հաւատարիմ է, շատին մէջ եւս հաւատարիմ կ՛ըլլայ»  (Ղկ 16.10)։

Այս հոյակապ հասկացողութիւնը անգամ մը եւս ճշմարտուեցաւ երկու շաբաթ առաջ, երբ պատմական հայկական Կիլիկիոյ եւ ներկայի Թուրքիոյ տարածքին պատահեցաւ ահաւոր երկրաշարժը, որ վնասեց նաեւ Հալէպ քաղաքը  իր շրջակայքով։ Վստահ եմ, որ ձեզմէ շատեր Instagramի վրայ տեսան, թէ ինչպէս աղէտի վայրը շտապ օգնութեան հասնող կամաւորներ փլատակներու տակէն դուրս բերին հարիւր ժամեր վերապրած երեխայ մը։ Արցունք եւ ուրախութեան ճիչեր միախառնելով, ազատարարները սկսան պարելով գոչել «Վարդան, Վարդան…»։ Զուգադիպութիւ՞ն, թէ՞ Նախախնամական տնօրինում, երբ քանի մը օր ետք Հայ ժողովուրդը պիտի տօնախմբէր Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնը։

Ինչպէս լոյսի շողը խաւարին մէջ գեղեցիկ օրուան մը խոստումը կ՛աւետէ, նմանապէս բարեսրտութեան որեւէ արարք կը յառաջացնէ մխիթարութիւն, խաղաղութիւն եւ յոյս մեր խաւար  շրջապատին մէջ, յաղթահարելով աղէտներու, կործանումներու եւ յուսահատութեանց։

Որքան երախտպրտ եմ Բարեգութ Աստուծոյ, յայտարարելու որ մեր հոգեւոր եղբայրներու գործակցութեամբ  եւ ձեր բոլորին սրտբաց նուիրատուութեամբ, մինչեւ երէկ  69,577 տոլարի գումար հանգանակուեցաւ Սուրիահայ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու օժանդակութեան համար։

Թող ամենակալ Տէրը ծաւալեցնէ մեր մէջ բարեսրտութեան ոգին, որպէսզի կարենանք արցունքները ժպիտի վերածել, եւ մեր սրտերն ալ ողողուին անսպառ ուրախութեամբ։