Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍԱՄՈԷԼ ՄԿՐՏՉԵԱՆ (ծնունդ՝ 25 Փետրուար 1959)

Տպաւորիչ է Սամուէլ Մկրտչեանի թարգմանութիւններու ցանկը։ Ճէյմզ Ճոյսի «Ուլիսես» (2012) վէպի թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսած է թարգմանիչի անժամանակ մահէն երկու տարի առաջ, այս բեղուն թարգմանիչի գործունէութեան դափնեպսակը եղած է, նկատի ունենալով իրլանտացի գրողի այդ վէպի բարդութիւնը։

Ս. Մկրտչեան ծնած է 25 Փետրուար, 1959, Թալինի մէջ։ Լենինականի (այժմ՝ Գիւմրի) թիւ 20 դպրոցը աւարտած է, իսկ 1983ին՝ Վալերի Բրիւսովի անուան համալսարանը, Երեւանի մէջ։ Այնուհետեւ, նետուած է խմբագրական ու թարգմանչական ասպարէզին մէջ։ Աշխատած է «Աստղիկ» թարգմանական հանդէսին մէջ, որ հրատարակուած է Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ, իսկ այնուհետեւ խմբագրած է յետ խորհրդային շրջանի առաջին թերթերէն մէկ քանին՝ «Անդրադարձած», «Ար» եւ «Բանբեր»։ Աշխատած է նաեւ «Առաւօտ» օրաթերթին եւ «Գրական թերթ»ի մէջ։ Արժանացած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» մետալին։ 2002ին հիմնած ու մինչեւ իր մահը խմբագրած է «Արտասահմանեան գրականութիւն» եռամսեայ հանդէսը։ Ամուսնացած էր լրագրող եւ քաղաքական գործիչ  Նայիրա Զոհրաբեանի հետ։

Իր թարգմանական գործունէութեան աւելի քան երկու տասնամեակներուն ընթացքին, տպաւորիչ քանակով ու որակով գործեր հրատարակած է։  «Երկեր» խորագրով, առաջին գիրքը խմբած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրի հնչեակները, «Վեներա եւ Ադոնիս» եւ «Սիրուհու տրտունջը» վիպերգերը (1991), ու հետագային թարգմանած է «Լուկրեցիայի պատուազրկումը» վիպերգը (2004) եւ կատարած՝ հնչեակներու նոր հրատարակութիւններ (2004 եւ 2013)։ Թ. Ս. Էլիոթի «Մեռեալ երկիր» (1991) վիպերգէն ետք, թարգմանած է անգլիացի նշանաւոր բանաստեղծին «Քերթուածներ» (2004) եւ «Չորս կուարտետներ» (2013) գործերը։ Ս. Մկրտչեան նաեւ թարգմանած է Լուիս Քէրոլի «Ալիսը Հրաշքների աշխարհում եւ Ալիսը Հայելու աշխարհում» (1994), Ռատիար Քիփլինկի մանկական պատմուածքները (1995), Ուիլիըմ Ֆոքնըրի «Արջը» (1992) վիպակը եւ «Աբիսողո՛մ, Աբիսողո՜մ» վէպը (2001), Հերման Մելվիլի պատմուածքները (2001) եւ անգլիական ու ամերիկեան բանաստեղծութեան հաւաքածոյ մը (2004)։ Նաեւ թարգմանած է ժամանանակից անուններու՝ Լէոնարտ Գոհընի (2012) եւ Չարլզ Պուքոսկիի (2013) բանաստեղծութիւնները, եւ ամերիկահայ հեղինակներու գործեր՝ Ուիլիըմ Սարոյեան (1992), Ուիլիըմ Միքայէլեան (2005) եւ Կարին Յովհաննէսեան (2009)։ Իր թարգմանութիւններուն երկու հատորնոց ժողովածու մը հրատարակած է 2009ին։

Սամուէլ Մկրտչեան նաեւ թարգմանած է շարք մը հատորներ հայերէնէ անգլերէն, ներառեալ՝ Հայաստանի բանաստեղծներու երկու հատորներ (1991, 2004), Եղիշէ Չարենցէն հատընտիր մը (2012), Ռուբէն Անգալադեանի փորձագրութիւնները (1995) եւ Շուշիկ Տասնապետեանի (1999) ու Վահէ Արմէնի (2000) բանաստեղծութիւնները։