Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ» ՀԱՄԵՐԳԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

Ուրբաթ, 24 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց «Վերածնունդ»/”Rebirth” համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամուհիներ՝ տիկ. Թալին Տաղլեանի եւ տիկ. Ֆլորիա Գասպարեանի այցելութիւնը։ Տեղի ունեցաւ օգտաշատ զրոյց մը շրջանի մշակութային գործունէութեան շուրջ։

Համերգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25 Մարտին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՕՄի «Ակնունի», «Արմենուհի» եւ «Շաքէ» մասնաճիւղերու, ՀԵԴ «Արսէն» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի։ Յայտագրին մաս պիտի կազմեն, ի միջի այլոց, երգիչներ Նունէ Եսայեան եւ Արաբօ Իսպիրեան, երաժիշտներ Արա Տինքճեան եւ Արսէն Պետրոսեան, եւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը։