Սուրբեր

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԽՈՐ ՎԻՐԱՊ ՄՈՒՏՔԻ ՏՕՆԸ

Մեծ Պահքի ընթացքին, սուրբերու ոգեկոչումը միայն Շաբաթ օրերուն տեղի կ՚ունենայ։ Տարուան մնացեալ օրերուն, կարելի է սուրբերը մեծարել Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի կամ Շաբաթ օրերուն։

Շաբաթ, 16 Մարտին, Հայաստանեայց Եկեղեցին Ս. Գրիգորի Խոր Վիրապ մուտքի տօնը կը նշէ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած երեք օրերէն մէկն է տօնացոյցին մէջ։ Միւս երկու տօներն են` Խոր Վիրապէն Ելքը եւ նշխարներուն Գիւտը։

Ինչպէս յայտնի է, Գրիգոր իր հաւատքը պահեց եւ մերժեց ուրանալ Քրիստոսը։ Իբրեւ հետեւանք, բազմաթիւ չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, իսկ վերջին պատիժը խոր վիրապի մը մէջ բանտարկութիւնն էր, ուր մնաց շուրջ տասներեք տարի։ Ան հրաշքով վերապրեցաւ, շնորհիւ իր հաւատքին եւ, ըստ աւանդութեան, անծանօթ հրեշտակատիպ կնոջ մը, որ ուտելիք եւ ջուր կը հայթայթէր։

Խոր Վիրապի վանքը Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու եւ ուխտաւորներու ժողովրդական հասցէներէն է։ Երկրի ամենէն գեղեցիկ վայրերէն մէկն է՝ Մասիս լերան հիանալի տեսարաններով։ Վանքը շինուած է Ս. Գրիգորի բանտարկութեան վայրին վրայ եւ այցելուները պէտք է իջնեն սանդուխէն, որ ունի 27 ուղղաձիգ աստիճաններ։ Ս. Աստուածածնի եկեղեցին շինուած է 17րդ դարուն։ Խոր Վիրապի շրջակայքին կը գտնուին հայոց հինաւուրց Արտաշատ մայրաքաղաքին աւերակները։

Շարական Ս. Գրիգորի մուտքին ի վիրապ

«Այսօր զիմանալի լուսոյն ծագողն ի խաւարի նստելոցս. զԳրիգորիոս սուրբ հայրապետն եկայք վերապատուեսցուք։
Այսօր զանապական հոգւոյն պարգեւս բաշխող որդւոց Թորգոմայ, յորդիս լուսոյ նովաւ ծնեալք, եկայք վերապատուեսցուք։
Այսօր զաստուածային բանին պատմող ի Հայաստան աշխարհի, աշակերտեալ նմա մանկունք, եկայք վերապատուեսցուք»։

(Այսօր վերապատուենք Գրիգոր սուրբ հայրապետը, որ իմանալի Լոյսը ծագեցուց խաւարի մէջ նստողներուս։
Այսօր վերապատուենք Թորգոմի որդիներուն եւ անկէ ծնած լոյսի որդիներուն՝ Սուրբ Հոգիին անապական պարգեւները բաշխողը։
Այսօր Հայաստան աշխարհի մէջ Աստուածային Բանը պատմողին աշակերտներս եկէք վերապատուենք  զինք)։