Առաջնորդարանէն

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ) ՀԱՄԱՅՆՔԻ 100ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 26 Մարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապ տօնին առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  մէջ (Ֆիլատելֆիա), եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, եւ դպիր ձեռնադրեց Սարգիս Զէյպարին, Միքայէլ Զէյպարին, Ուիլիըմ Չափանեանը եւ Լեւոն Չափանեանը։ Սրբազան Հայրը դպրաց ձեռնադրութեան աղօթքէն հատուած մը առնելով՝ «Ո՛վ Տէր, այնպէս ըրէ, որ տեւաբար արթուն ըլլան քու օրէնքներուդ մէջ», զուգորդեց Սուրբ Գրիգորի անուան, որ կը նշանակէ «արթուն» ըլլալ,  եւ պատգամեց թէ ներկայ ընկերութեան մէջ հրամայական է արթուն ըլլալ ոչ միայն մարմնով, այլ նաեւ մտքով ու հոգիով, որպէսզի մեր անձերուն, ընտանիքներուն, համայնքներուն եւ հայրենիքին սպառնացող բոլոր աներեւոյթ սադրանքները կարենանք յաղթահարել, հաւատքի մեր Առաջնորդ՝ Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համայնքի հիմնադրութեան հարիւրամեակին առթիւ համերգ մը, մասնակցութեամբ Զուլալ եռեակին, Արա Տինկճեանի եւ Ուտի Պար-Տէյվիտի։ Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ վայելեցին դասական, ժողովրդական ու հոգեւոր երաժշտութեան ճոխ յայտագիր մը։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանը, Հոգաբարձութեան եւ Յանձնախումբը, հարիւրամեակի այս իւրայատուկ տօնախմբութեան ծրագրին համար, որպէս նոր տեսլականի նախաձեռնութիւն։  Դրուատեց արուեստագէտները, եւ անդրադարձաւ ձեռնարկի թեմայի կարեւորութեան մասին՝ «հանդուրժողութիւն», որ այնքան կենսական առաքինութիւն է մեր փոխ յարաբերութեան մէջ, եւ որ սկսած է անհետանալ մանաւանդ պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով։

Ձեռնարկէն ետք, եկեղեցւոյ «Հիմնադիրներ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն։