Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝ ԱՐԹՈՒՐ ԱԴԱՅԵԱՆ. «ԶՈՒՄ-ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒՄԸ ՏԱՐԲԵՐ Է»

«Սիամանթօ» լսարանի աշակերտները աւանդութիւն մը դարձուցած են իրենց դասատուները ներկայացնել հարցազրոյցի մը միջոցով։ Այս առթիւ, անոնք զրուցած են հայ արուեստի պատմութեան դասախօս՝ պրն. Արթուր Ադայեանի հետ։ Զրոյցը վարած են Քարին Գէորգեան, Մարալ Աբրահամեան, Քաթրինա Արուեստեան, Ցոլին Բարսեղեան եւ Վարդինէ Քէչէճեան։

 — Պարոն Ադայեան, ո՞ւր ծնած էք, Հայաստանի ո՞ր շրջանը, եւ ո՞ւր կ՛ապրիք այժմ։ Մեզի համար հետաքրքրական է տեսնել այսքան մեծ թուով հայերու գաղթը դէպի արտասահման, իսկ ձեր՝ նոր ընտանիք կազմելը այնտեղ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

Պ․- Ես Հայաստան ծնած եմ ու Հայաստան կ՛ապրիմ, բնաւ չեմ գաղթած այլ երկիր։ Երեւան կ՛ապրիմ, ուր ծնած ու հասակ առած եմ։

Ձեր հարցումի երկրորդ բաժնին պատասխանեմ․- այո, գաղթը դարերու գոյութիւն ունեցող երեւոյթ է եւ մեր գլխաւոր հարցերէն մէկն է, դժբախտաբար ատիկա ժողովրդագրութեան հարց է։ Մենք հսկայ թիւով մարդ կը կորսնցնենք։ Սահմանները բացուելէ ետք, Հայաստանի վիճակը աւելի վատացած է, ասիկա մեծ հարց է ըստ իս։

Ես ո՛չ մէկ ատեն մտածած եմ գաղթելու մասին, կը կարծեմ, որ ասիկա հօրմէս կու գայ, որ ուսուցիչ էր։ Միշտ առիթ ունէր. դեռ 1990ականներէն գրեթէ ամէն տարի գաղթելու մասին կը խօսէին իրեն․ ան երբե՛ք ճիշդ չտեսաւ այդ ու նոյնը սորվեցուց ինծի ու եղբօրս, նաեւ ըսելով. «Այնքան բան կայ հայրենիքի մէջ ընելիք, յատկապէս որպէս մանկավարժ»:  Կը մտածեմ, որ ես աւելի կարեւոր եմ հոս, կը դասաւանդեմ դպրոցի մէջ, Արուեստի Ակադեմիայէն ներս եւ կ՛աշխատիմ մանկավարժական նիւթեր հայթայթելով հեռատեսիլի ընկերութեան մը մէջ։ Լաւագոյնս կ՛ընեմ շրջապատիս լաւ բան մը հրամցնելու համար։ Եթէ ես Ամերիկա կամ Եւրոպա գաղթեմ, կը մտածեմ, շատ հաւանաբար լաւ գործ մը կ՛ունենամ, բայց շուրջիններուս այնքան օգտակար չեմ ըլլար, որքան հոս։ Այս է համոզումս։

— Կը դասաւանդէք, ո՞ւր եւ ո՞ր տարիքի աշակերտներու։ Ի՞նչ հետաքրքրական բան ունիք ըսելիք այդ ծիրէն ներս։

Արուեստի Ակադեմիայէն ներս դասախօսելով սկսայ, սակայն անցեալ տարի հրաժարեցայ, որովհետեւ երեք գործ միանգամայն դժուար էր ընել եւ բոլորն ալ լա՛ւ ընել։

Ընտրեցի մնալ ի՛մ աշակերտած դպրոցը։ Լաւ ու վատ ուսուցիչներ ունեցած եմ, հետեւաբար երդում տուած եմ ես ինծի, ուսուցիչ մնալ եւ լա՛ւ ուսուցիչ մնալ։ Անոր համար դրուած աշխատանքը ահաւոր չափով ուժդ կը խլէ։ Այսպէս կը հաշուեմ. երկու ժամ լա՛ւ դասապահ մը պատրաստելու եւ հրամցնելու համար՝ ոեւէ այլ աշխատանքի լրիւ մէկ օրուան ճիգը պէտք է թափել։ Հետեւաբար, երբ հեռատեսիլի կայանէն ներս պաշտօնի բարձրացում ստացայ, ընտրեցի ձգել Ակադեմիայի գործը։ Բայց պահեցի ի՛մ աշակերտած վարժարանիս գործը, հոգիիս մէջ ջերմ տեղ ունի, անբացատրելի է այդ, չե՛մ ձգեր։ Երաժշտութիւն կը դասաւանդեմ, քանի նաեւ երաժիշտ եմ։ Պատանիներու երաժշտական խումբ մը կազմած ենք, ազգագրական-ֆոլք երաժշտութեամբ անցեալ տարի չորս ելոյթ տուինք, բոլորն ալ լի սրահով, տոմս չէր մնացած։ Բոլորը ուրախ էին։

— «Սիամանթօ» լսարան կը դասաւանդէք երկրորդ տարին ըլլալով։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը մեր մասին, նկատի ունենալով որ ո՛չ միայն տարբեր նահանգներէ խմբուած ենք, այլ նաեւ զումով կը մասնակցինք։ Ոչ դուք մեզ՝ միս ու ոսկոր ունեցողի պէս կը ճանչնաք, ոչ ալ մենք ձեզ։ Ի՞նչպէս եթէ ըլլար՝ կը կարծէք որ աւելի լաւ կ՛ըլլար Սիամանթօ Լսարանը։

Շնորհակալութիւն այս հարցումին համար, այո՛, մէկ-երկու ըսելիք ունիմ այստեղ։

Զում-դասաւանդումը տարբեր է․չենք կրնար իրարու անձամբ հանդիպիլ, միասին իսկական աշխատանոցներ չենք կրնար ունենալ կողք-կողքի։ Այդ մէկը դժբախտութիւն է։ Ի հարկէ իր առաւելութիւնը ունի, ահաւասիկ, տարբեր նահանգներու ձեր տարեկիցներուն կը կապուիք։

Երկրորդ տարին ըլլալով «Սիամանթօ» լսարանէն ներս, տարբեր խումբերու հանդիպեցայ։ Խումբ մը կար, որ այնքան խորապէս մտած էին նիւթին մէջ, որ զիս կը ռմբակոծէին հարցումներով կամ արուեստի մասին իրենց պատկերացումներով, անոնք աւելին ու աւելին կը պահանջէին անդադար։ Այդ ալ  մարտահրաւէր էր, եւ շատ հաճելի:

Չեմ ուզեր աշակերտը ճնշման տակ դնել, երբ ան հոս է, կը նշանակէ, որ ան այս խաղին մէջ է արդէն։ Բնականաբար ոմանք արուեստով կամ արուեստի պատմութեամբ հետաքրքրուած չեն ըլլար։ Բայց ամէն աշակերտ պահ մը կանգնելու եւ մտածելու է․- մեր արուեստի պատմութեան մէջ, առանց տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ դէպքերու, մենք որպէս ազգ, չէինք ըլլար հոն ուր որ ենք հիմա։ Հետեւաբար, ի վերջոյ, դուք որպէս հայութեան նոր սերունդը, պէ՛տք է հարուստ գիտելիք ունենաք այն ամէն ինչին մասին, որ ձեզ հայ կը դարձնէ։ Այսպէս երեւակայեցէք․իւրաքանչիւր վայրկեան Հայոց պատմութեան, իւրաքանչիւր հայ էակ որ գոյութիւն ունի, օրինակ՝ ձեր ծնողները, մեծ հայրերն ու մայրերը, դուք նաեւ, դեր ունիք մե՛ր պատմութիւնը կերտելուն մէջ։ Իւրաքանչիւր լաւ կամ վատ դէպք որ կը պատահի մեր ազգին կեանքէն ներս, մեզ բերած է ճի՛շդ այս պահուն, եւ մեր պարտականութիւնն է գիտակցիլ եւ հասկնալ թէ՝ ինչո՞ւ մենք հոս ենք հիմա։

— «։ԲՈՒՆ թիվի»ն ինչո՞վ կը տարբերի միւս հեռատեսիլի կայաններէն եւ անոր մէջ ի՞նչ է ձեր դերը։ Հետաքրքրական է անունին ձեւը՝ (։) վերջակէտով կը սկսի։

«։ԲՈՒՆ թիվի»ի մասին իմացայ, երբ մագիստրոսական ուսումս նոր աւարտած էի, մօտ տասը տարի առաջ։ YouTube-ի կայան մը կար, որ Հայաստանի մէջ մանկավարժական նիւթեր կը հայթայթէր, այդ օրերուն ոչ-սովորական բան էր։ Զարմացած էի, բայց բնաւ ուշադրութիւն չէի դարձուցած։ Յանկարծ օր մը ընկերներէս մին զիս հրաւիրեց միասնաբար աշխատելու «։ԲՈՒՆ թիվի»ի մէջ, ըսի՝ «օհ, փորձեմ»։ Երբ գացի ու հանդիպեցայ խումբին, արդէն երեւակայական գործ մըն էր։ Մեծ թիւով առցանց դասախօսութիւններ, գիտական կամ մշակութային նիւթեր կ՛արձանագրէինք ժողովուրդին համար, որ մեծապէս կարիքը ունէր։ Կամաց-կամաց աճեցանք։

Պատերազմէն ետք, մեր այս ծրագրին համահիմնադիրներէն մին էր որ «։ԲՈՒՆ թիվի»ի գաղափարը բերաւ։ YouTube-ի կայանը, որ հազիւ տասը հազար հետեւորդ ունէր, հեռատեսիլի ընկերութիւն մը պիտի դառնար․․․։ Այդ օրերուն մօտ հինգ հոգի կ՛աշխատէր «։ԲՈՒՆ թիվի»ին համար, հասանք յիսուն հոգինոց խումբի մը, շէնք պէտք է վարձէինք, փոքրիկ գրասենեակի մը փոխարէն, ու հիմա մեր սփռումները անդադրում են, 24 ժամ եւ 7 օր։ Ի դէպ, եթէ Լոս Անճելըս ըլլաք, եւ հայկական հեռատեսիլի կայաններու սփռում ունենաք, անպայման «։ԲՈՒՆ թիվի»ն ալ պիտի գտնէք։ Հիմա տասը հազարի բաժանորդներու փոխան ունինք միլիոններ հաշուող թիւ մը։ Այսպէս կը մտածենք՝ թերեւս քաղաքականութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն չունինք կամ համաշխարհային առիթներու չենք մասնակցիր, սակայն ինչի որ կը հաւատանք, այդ է, եւ ինչ որ կրնանք կ՛ընենք գիշեր ու ցերեկ։

«։ԲՈՒՆ թիվի» անունը կը սկսի վերջակէտով, այսինքն՝ վերջ այլ ու այլ զրոյցի, երթանք էականին։

— Ձեր անձնական կեանքին մասին ի՞նչ կ՛ըսէք մեզի։

Սիրուն արցախցի տիկին մը ունիմ եւ քաղցր աղջնակ մը, որ մեր խելքը տեղը կը պահէ պատերազմին յաջորդող ահաւոր շրջանին։ Իրեն հանդէպ պատասխանատու կը զգանք, ու այդ մեծ պատճառ է որ ամէն առաւօտ ելլես ու լարուիս լաւագոյնդ ընելու զինք երջանիկ պահելու մէջ։ Զաւակդ շրջապատի բոլոր ժխտական բաներէն պահպանելը անձիդ ալ թեթեւութիւն կու տայ։ Կը ջանանք բարեսիրական գործերու մէջ մեր բաժինը բերել Արցախի ամէն կերպ օգտակար դառնալու համար։

Արուեստի կողքին, ինչպէս ըսի, երաժշտութիւնն է։ Արուեստի պատմութիւն կը դասաւանդեմ ահաւասիկ, որովհետեւ կը սիրեմ, այլապէս չէի ըներ։ Կը սիրեմ երեւակայական եւ գիտաերեւակայական գիրքեր ու ֆիլմեր։ Շատ ընկերային եմ, վստահ նկատած էք։

— Շնորհակալութիւն եւ ներողամիտ եղէք մեր աշակերտական սխալներուն, զումը անսովոր բան է տակաւին։

Ես շնորհակալ եմ նաեւ, կը նկատեմ որ ձեր լաւագոյն ճիգը կը թափէք բան մը սորվելու, նոյնիսկ երբ զում-դպրոցը ամենէն դիւրին ձեւը չէ։ Բոլորիդ լաւագոյնը կը մաղթեմ ու կը յուսամ ձեզի հո՛ս հանդիպիլ, Հայաստանի՛ մէջ։