Տօներ

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

Կիրակի, 8 Մայիս, երրորդ Կիրակին է Ս. Յարութենէն ետք։ Կը կոչուի Կարմիր Կիրակի, թէեւ անունը եկեղեցական ծագում չունի։ Կարմիրը արեան գոյնը ըլլալով, ասիկա յարմար ժամանակ մըն է առաջին քրիստոնեայ նահատակներու յիշատակը մեծարելու։ Կը կարծուի, որ «Կարմիր Կիրակի» անուանումը կը վերաբերի հողէն գունաւոր բխումին, որ կը յաջորդէ անպտուղ ձմրան։ Անցեալ շաբթուան Կանաչ Կիրակիին նման, բնութեան ու կեանքի տօն մըն է, որ կը խորհրդանշէ վերածնունդը՝ մեր Տիրոջ Յարութենէն ետք։