Մեր դպրոցներէն

«ՄՈՒՐԱՏ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԸ

Շաբաթ, 22 Ապրիլին, «Մուրատ» ազգային վարժարանի (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) աշակերտները այցելեցին Ուոթըրթաուն (Մէսէչուսէթս), ուղեկցութեամբ համատնօրէնուհի Լալա Աթթարեանի, ուսուցչուհի Անժէլ Գոզինեանի եւ ընկերակիցներ Սոնիա Նասրի եւ Հայկուհի Գոռիվոյի։

Այս ճամբորդութեան նպատակն էր քաղաքի հայերու պատմութեան աւելի բաներ սորվիլ եւ հայկական գլխաւոր հաստատութիւնները այցելել, որոնք սերունդներով սատարած են հայապահպանման։

Առաջին կանգառը «Հայրենիք»ի շէնքն էր, ուր աշակերտներուն դիմաւորեցին Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան շրջանի Կեդր. Կոմիտէի անդամ՝ Ճորճ Աղճայեան, եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան շրջանի գործավար՝ Վարդ Չիլոյեան։ Տիկ. Չիլոյեան ներկայացուց ՀՕՄի տեղական ու շրջանային գլխաւոր ծրագիրները եւ խօսեցաւ Սփիւռքի դպրոցները պահպանելու կարեւորութեան մասին։ Աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄին, որ զօրավիգ կը կանգնի «Մուրատ» վարժարանի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն։

Պրն. Աղճայեան «Հայրենիք»ի շէնքի տարբեր բաժանմունքները ծանօթացուց աշակերտներուն՝ ներառեալ «Արմինիըն Ուիքլի»ի եւ «Հայրենիք»ի գրասենեակները, լրասփիւռի նորակառոյց կեդրոնը եւ, գլխաւորաբար, Հ. Յ. Դաշնակցութեան արխիւները, ներառեալ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան արխիւները։ Աշակերտները ոգեւորուած էին տեսնելով ու կարդալով 1918ի անկախութեան հռչակագիրը։

«Հայրենիք»ի շէնքէն ետք, խումբը քալեց դէպի Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարան, ուր դիմաւորուեցան տնօրէնուհի՝ տիկ. Մայտա Մելքոնեանի, եւ ուսուցիչներու կողմէ։ Նաեւ հանդիպեցան իրենց հասակակիցներուն, որոնց հետ միասին երգեցին՝ երգի դասի ընթացքին, այնուհետեւ երթալով Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, ընդունուեցան հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի կողմէ, որ, Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակի նախօրեակին, աշակերտներուն բացատրութիւն տուաւ հայ նահատակներու սրբադասման մասին։

Վերջապէս, աշակերտները այցելեցին Ամերիկայի Հայկական Թանգարանը։ Հաւաքածոյի խնամակալ՝ Կէրի Լինտ-Սինանեան աշակերտներուն խիստ հետաքրքրական բացատրութիւններ տուաւ հոն ամբարուած գանձերուն մասին, որոնք կը հասնին մինչեւ Ուրարտուի շրջանը։ Պատմութիւն, մշակոյթ, ասեղնագործութիւն եւ կրօնք՝ բոլորն ալ միահիւսուած էին ցուցադրութեան, բացատրութիւններուն եւ հարցումներուն մէջ։