Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԹՐՈՅԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 14 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Թրոյ, Նիւ Եորք) Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի այցելու հովիւ պաշտօնակալութեան առթիւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը ներկայացուց Տէր Վահանի հոգեւորականի արժանիքները եւ մաղթեց, որ որպէս հայր, եղբայր եւ խորհրդատու առաջնորդէ գաղութը, զարկ տալով հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային կեանքին։ Սրբազան Հայրը միաժամանակ բարձրօրէն գնահատեց ծառայութիւնը Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեանի, որ անձնուիրաբար ծառայելով՝ այժմ հանգստեան կոչուած է։

Կը մաղթենք հանգստեան տարիներու բարւոք վայելում Արժպ. Տ. Կոմիտասին եւ յաջողութիւն Արժպ. Տ. Վահանին իր նոր պաշտօնին մէջ։