Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (ծնունդ՝ 24 Մայիս, 1923)

Յակոբ Յակոբեան արդէն նկարչութեան հաստատուն անուն մըն էր Եգիպտոսի մէջ նախքան Հայաստան ներգաղթը 1960ական թուականներուն։

Յ. Յակոբեան ծնած է 24 Մայիս, 1923ին, Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս)։ Շրջանաւարտ եղած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն եւ աւելի ուշ աւարտած է Գահիրէի Գեղարուեստի հիմնարկը (1944-1948)։ Այնուհետեւ կրթաթոշակ մը ստացած է հետեւելու Կրան Շօմիէի ակադեմիայի դասընթացքներուն (1952-1954), Փարիզի մէջ, ուր նաեւ ուսանած է ծանօթ նկարիչ Անտրէ Լ՚Օթի արուեստանոցին մէջ։ Սկզբնական շրջանի գործերը փոքրածաւալ իւղանկարներ եղած են, ուր ներկայացուցած է շրջակայքն ու առօրեայ կեանքի առարկաներ ու անձեր։ Անոր գործերը նաեւ ցոլացած են պանդխտութեան մէջ ապրելու գաղափարը։

Յակոբ Յակոբեան մասնակցած է երիտասարդական եւ ուսանողական համաշխարհային չորրորդ փառատօնին (Պուքրէշ, 1953), ուր ստացած է երկրորդ մրցանակը, Մոսկուայի եւ Լենինկրատի եգիպտական արուեստի ցուցահանդէսներուն (1958) եւ Աղեքսանդրիյ երկամեայ ցուցահանդէսին (1959, 1961)։

1962ին ընտանիքով Հայաստան հաստատուած է, եւ հայկական բնաշխարհը դարձած է իր նոր աշխարհը, ուր նաեւ տեղ ունեցած է ընկերութեան երեւոյթներու ներկայացումը։

1967-1971ին Յ. Յակոբեան Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եղած է։ Երկու անգամ շահած է Հայաստանի պետական մրցանակը (1977, 1985) ու նաեւ ստացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչումը։ Ստացած է Հայաստանի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան շքանշանը (1996) եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշանը (2002)։ Յետմահու ստացած է Հայաստանի նախագահական մրցանակը (2013)։

Անուանի նկարիչը զանազան առիթներով ցուցահանդէսներ տուած է Երեւանի, Մոսկուայյի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ 2006ին հրատարակած է յօդուածներու եւ հարցազրոյցներու հաւաքածոյ մը։ Մահացած է 9 Մարտ, 2013ին, Երեւանի մէջ։