Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 18 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, իր պատգամը տուաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի բացման։ Երեսփոխանական Ժողովը, կազմակերպութեամբ՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), տեղի ունեցաւ անցեալ 18-20 Մայիսին։ Յաջորդ թիւով պիտի շարունակենք ժողովին վերաբերեալ լրատուութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց Թեմը եւ ծուխերը, որ այս նոր տարեշրջանին առաջնորդուին հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ էական արժանիքներով։ Իր պատգամին մէջ, ան նաեւ անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի յառաջիկայ հովուապետական այցելութեան Արեւելեան Թեմ։ Նկատի ունենալով բազմաթիւ հաւատացեալներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները այս խռովալից տարիներուն, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նաեւ կոչ ուղղեց, որ ծուխերը իրենց տարեկան պիւտճէներուն մէջ ներառնեն բարեգործութեան յատուկ գումար մը, ինչ որ կարգ մը հովիւներ տարիներով արդէն կը կիրարկէին։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամին բնագիրը.     

Ազգային Երեսփոխանական Պատկառելի Ժողովի

Սիրելի Պատգամաւորներ,

Կ՛ողջունեմ ձեզ բոլորդ «Նախախնամութեան» (Providence) քաղաքին մէջ, ի Ռոտ Այլընտ, ուր հաւաքուած ենք որպէս Արեւելեան Թեմի մեծ ընտանիք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ, քննարկելու եւ գնահատելու միամեայ մեր գործունէութիւնը, եւ նոր ուղիներ որոնելով զօրացնելու Թեմիս  առաքելութիւնը, որպէսզի վերաշխուժացնենք մեր համայնքները Ամենակալ Աստուծոյ փառքին համար։

Այս առթիւ, ի խորոց սրտի երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Բարեգութ Աստուծոյ, որ մեզի անպատում բարիքներ կը հայթայթէ, որոնցմէ զրկուած են տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Որդիական երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Նորին Սուրբ Օծութիւն  Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսին, որուն հայրական խնամքն ու ղեկավարութիւնը ճակատագրական այս շրջանին խիստ կենսական է։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր պաշտօնակիցներուս՝ Ազգային Վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու անդամներուն, Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, Հոգեւոր Հովիւներուն, Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն, Հոգաբարձութեանց եւ յարակից մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց, եւ առհասարակ համայն ժողովուրդին՝  իրենց բացառիկ գործակցութեան համար, իբրեւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ վերաշխուժացնող գործօն մասնիկներ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։

1920ական թուականներուն, ջարդերուն եւ բռնագաղթի յաջորդող շրջանին, Հայերը Նոր Աշխարհ հասնելով, վերահաստատեցին իրենց կեանքը, որ լրիւ քայքայուած էր Ցեղասպանութեան հետեւանքով։ Կեանքի բոլոր դժուարութեանց յաղթահարող այս արի ներգաղթողները, Ամերիկայի տարածքին կառուցին եկեղեցիներ եւ կազմեցին համայնքներ Քրիստոնէական առաքինութեանց վրայ։ Անոնց շառաւիղները այսօր նոյն հաւատարմութեամբ կը շարունակեն զարգացնել Հայ կեանքը առողջ պահող կառոյցները եւ իրենց կարգին կը ներշնչեն յաջորդող սերունդները նոյն ոգիով գործելու։

2023 տարին կը զուգադիպի Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850ամեակին։ Նաեւ, երկրորդ անգամ ըլլալով, այս տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակուեցաւ Արամ Կաթողիկոսի կողմէ, որ հովուապետական այցելութիւն պիտի շնորհէ Թեմիս յառաջիկայ Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն։ Դարձեալ, նկատի ունենալով այս տարուան համար Ազգային Վարչութեան որդեգրած նշանաբանը՝ «Զօրաւոր Հաւատք՝ Առհաւատչեայ Հզօր Գաղութներու եւ Ազգի», այս հոյակապ տարին կ՛ուզեմ  Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ հրամայականով իմաստաւորել։

ՀԱՒԱՏՔ

Հաւատքը հարազատագոյն պատասխանն է բանաւոր արարածին կողմէ Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ, որով մնայուն կերպով կ՛աճի Անոր ճամբուն մէջ, եւ կը վայելէ Արարիչին շնորհած կեանքի անհուն բարիքները։ Հայ եկեղեցին բախտաւոր է որ ծնունդ տուած է Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսի պէս հոգեւորական մը, որու կեանքն ու գործը գերագոյն օրհնութիւն պիտի նկատուէր Քրիստոնեայ որեւէ եկեղեցւոյ համար։ Անոր սրբակենցաղ կեանքը, հոգեշունչ գրականութիւնը, դիւանագիտական նուրբ զգայնութիւնը փոխադարձ հասկացողութիւն եւ յարգանք ստեղծելու քրիստոնեայ եկեղեցիներուն միջեւ, շատ յատկանշական են։ Իր «Հոաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը, որ թարգմանուած է երեսունվեց լեզուներու, լաւագոյն ապացոյցն է իր ստեղծագործութեան տիեզերական նկարագրին, որ կ՛արտացոլացնէ խոր կապը երկնաւոր գթառատ Հօր եւ մեղանչական երկրաւորներուս միջեւ։ Եկեղեցւոյ այս մեծ հայրը սփիւռքի նախանկարը կը գծէ իր «Թուղթ Ընդհանրական» գործին մէջ, երբ կ՛ակնարկէ թէ ինչպէս հայրենիքէն հեռու՝ Կիլիկիոյ մէջ ապաստան գտնելով Քրիստոսակեդրոն կեանք կ՛ապրի, ինչպէս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ հայրապետ ու Մեսրոպ վարդապետ եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի ապրած էին հայրենի հողին վրայ։ Վտարանդի այս մեծ տիտանը հայրենաբնակ սուրբերուն նման մտածելով ու գործելով, աղօթելով ու ստեղծագործելով, հայրենի սրբութիւնները վառ պահեց ու փոխանցեց հաւատացեալներուն, միաժամանակ դառնալով երկխօսութեան, միութեան եւ խաղաղութեան ախոյեան։

Այսօր, մենք որ ժառանգորդներն ենք այս փառաւոր անցեալին, ապրելով աշխարհատարած սփիւռքի մէջ, երբ հաւատարիմ մնանք մեր Հայ Քրիստոնեայ ինքնութեան, խարսխուած ըլլալով մեր հաւատքին մէջ եւ ներշնչուելով մեր նախահայրերու հերոսական եւ զոհաբերուող ոգիէն, երբ եւ ուր որ ալ գտնուինք, վստահ որ պիտի լսենք Տէրունական ձայնը՝ «մի՛ վախնար փոքրիկ հօտ», որովհետեւ Տէրը խոստացաւ մեր հետ ըլլալ, Ան որ յաղթեց մահուան եւ պատգամեց. «Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը»։

ՅՈՅՍ

Յոյսը երբ զուգորդուի հաւատքին հետ, ներոյժի ամենէն զօրաւոր շտեմարանն է, որ կը զօրացնէ մեզ ընթանալու անձնական թէ հաւաքական բոլոր տագնապներու մէջէն եւ դուրս գալու յաղթական։

Այս տարի, Տիրախնամ Թեմս պիտի վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի օրհնաբեր այցելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը փափաք յայտնեց այցելել մեծ կամ փոքր  մեր բոլոր համայնքները։ Պսակաձեւ ժահրի համատարած սպառնալիքէն, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի ու Արցախի, Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ պատահած արհաւիրքներէն ետք, Վեհափառ Հայրը մեր բոլորին Յոյսը պիտի զօրացնէ։ 1979ին Արամ Արքեպիսկոպոս, ընտրուելով Լիբանանի Թեմի երիտասարդ Առաջնորդ, արտացոլացուց իրաւ ղեկավարի ոգին՝ երկրի քաղաքացիական կռիւներուն ընթացքին։ 1995ին, որպէս երիտասարդ նորընտիր կաթողիկոս, ան դարբնեց յոյսը բոլոր անոնց որոնք հովանաւորութեան տակն էին Կիլիկիոյ դարաւոր սուրբ Աթոռին, որուն ապագային շուրջ անորոշութեան ամպեր սկսած էին կուտակուիլ։ 1998ին, որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, վերահաստատեց յոյսը համագործակցութեան, առաջքը առնելով անդամ եկեղեցիներու պառակտումին։ 2015ին, Ուաշինկթըն Տի․ Սի․ի մէջ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին, Նորին Սրբութիւնը ամենայն խիզախութեամբ շեփորեց Հայ ժողովուրդին անուրանալի արդար դատը։

Եւ ահա, ընթացիկ տարւոյս հովուապետական այցելութեամբ, Վեհափառ Հայրը, որպէս Հաւատքի ու Յոյսի անխոնջ ախոյեան, պիտի լիցքաւորէ մեզ Յոյսի նոր շունչով, յաղթահարելու համար գոյութենական պայքարի մէջ ցցուած բազմազան սպառնալիքներ, վերակազմակերպելու մեր համայնքները եւ ողջունելու պայծառ ապագայ։ Գիտակից ենք, թէ համայն աշխարհը, ընդհանրապէս, եւ Հայ ազգը, ի մասնաւորի, կը նաւարկեն պատմութեան փոթորկալից շրջանի մը ընդմէջէն։ Ամէնքս ալ պէտք ունինք նորոգող մղիչ ոյժի՝ շարունակելու մեր երթը սփիւռքի մէջ, եւ դառնալու փարոսը ազգիս զաւակներուն, որոնք յուսալքութեան տարբեր պայմաններու մէջ կ՛ապրին։ Պատեհ առիթն է, որ Աստուծմով խարսխուած մեր Յոյսը կենսաւորենք մեր ժողովուրդի երազներու իրագործման ի խնդիր եւ մեր կեանքի մէջ գործնական դարձնենք այն արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է քաղաքակրթութիւնը առ հասարակ։

ՍԷՐ

Սէրը կրնայ մեկնաբանուիլ զգացական, բանաստեղծական, հռետորական, փիլիսոփայական կամ այլ պրիսմակներէ դիտուած։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ Սէրը Ստեղծագործութեան ձգողական ոյժը կը կազմէ։ Յովհաննէս Աւետարանիչ, բացայայտելով այս ճշմարտութիւնը, կ՛ըսէ՝ «Աստուած սէր է» (Ա Յհ 4.7), իսկ Ներսէս Շնորհալի հայրապետ, ընդարձակելով Առաքեալին միտքը, կ՛ըսէ՝ «Սէրը, սէրէն մղուած, Սէրը ղրկեց աշխարհ», պատգամելով, որ սէրն է տիեզերքը կանգուն պահող ոյժը։ Արդարեւ, սէրը կեանք, լոյս եւ յոյս կը յառաջացնէ հոն ուր մահ, խաւար եւ յուսահատութիւն կը տիրապետէ։ Ուստի, խարսխուած Հաւատքի եւ Յոյսի մէջ ի Քրիստոս, վստահ ենք, որ Սէրը մեզ պիտի ամրապնդէ նաւարկելու  աշխարհէն մեր դէմ յարուցուած ամեհի բոլոր ալիքներուն ընդմէջէն։

Սէրը, որքան որ Ամենակալ Աստուծոյ էութիւնը կը ցոլացնէ Արարչագործութեան, Փրկագործութեան եւ Նախախնամութեան ընդմէջէն, նոյնքան եւ մարդկային պատասխանը կը ներկայացնէ աստուածային այս նախաձեռնութեան հանդէպ։ Պատմութեան մէջ, սէրը արտայայտուած է հաւատքի համար կենդանի նահատակութեամբ, սկսեալ Սուրբ Ստեփաննոս Նախասարկաւագ եւ Նախավկայէն։ Յայտնաբերուած է բարեգործութեան ճամբով, երբ համայնքի մը մէջ հաւաքուած գումարներ կ՛առաքուէին կարիքաւոր այլ համայնքներու։ Վսեմ նպատակներու իրագործման կեանք տուած է, որով Վռամշապուհ թագաւոր արքունիքի գանձարանի օժանդակութեամբ սատարած է հայերէնի Այբուբէնի գիւտին, իսկ նոյն այդ ոգիէն մղուած՝ իշխաններ եւ կեանքի տարբեր բնագաւառներու մէջ անձինք քաջալերած են մշակութային ստեղծագործութիւնը, կառուցած են եկեղեցիներ կամ ստեղծած են բարեսիրական հաստատութիւններ։

Բարեգործութիւնը յատկանշական գիծերէն մին եղած է Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ կայք հաստատած Հայ Եկեղեցւոյ։ Ամենագէտն Աստուած միայն գիտէ, թէ որքա՜ն նիւթաբարոյական նպաստ առաքուած է Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներու եւ քոյրերու բարօրութեան եւ բարգաւաճման համար։ Բնութեան իւրաքանչիւր աղէտին, ընկերային, քաղաքական կամ տնտեսական տագնապին յաջորդած են առատ հանգանակութիւններ, օգնութեան հասնելու, մխիթարելու եւ յոյս բերելու աղէտահար մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Ժամանակը եւ պայմանները միշտ կը թելադրեն, որ մեր գործելակերպը վերատեսութեան ենթարկենք եւ վերակազմակերպենք զմեզ յաջող ապագայի համար։ Հետեւաբար, պէտք է ամէն ջանք թափենք, որպէսզի Քրիստոնէական այս գերագոյն առաքինութիւնը օգտագործենք հզօրացնելու նաեւ տեղական մեր համայնքները, ի խնդիր արտահաս օժանդակութեան շարունակման։

Թեմէս ներս հովուական պաշտօնիս մէջ, վկայած եմ եւ նաեւ լսած եմ այլ Հովիւներէ, թէ կարօտեալներ ո՛չ միայն ովկիանոսէն անդին կը գտնուին, այլ մեր իսկ ծոցին մէջ կան այնպիսիներ, որոնք կը դիմագրաւեն առօրեայի լուրջ տագնապներ։ Կարգ մը օրինակներ կ՛ուզեմ նշել այստեղ, որոնք կը յուսամ ամբողջական պատկերի ուրուագիծ կը հանդիսանան։ Գտնուած են ընտանիքներ, որոնք տան վարձքի ամսավճարը չկարենալով փոխանցել, տանտիրոջ կողմէ փողոց նետուելու սպառնալիքի տակ գտնուելով, յոյսի որպէս վերջին ապաւէն դիմած են եկեղեցի։ Այլ օրինակ մը. ընտանիքի անդամի մը հիւանդութեան ահռելի ծախսերուն չդիմանալով, պարագաները բեկանուած սրտով դիմած են Հովիւին։ Այլ օրինակ մը եւս. եկեղեցւոյ գրասենեակը մեռելատունէ մը հեռաձայն ստանալով թաղման ծախսերու հոգատարութիւն պահանջուած է անծանօթ անձի մը համար, պարզ այն պատճառաւ որ մականունը «եան»ով կը վերջանայ։ Այս եւ նման  պարագաներուն, Հովիւր լռելեայն, կա՛մ ազնուահոգի անձերէ եւ կա՛մ եկեղեցւոյ օժանդակ մարմիններէ գումարը ջանացած է ապահովել։

Ներողամիտ գտնուեցէք, եթէ քիչ մը եւս ընդարձակելով այս նիւթը, յայտնեմ թէ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս տասնեւութամեայ ծառայութեանս ընթացքին, որպէս Առաջնորդական փոխանորդ կամ Առաջնորդ, երբ աղէտի մը ընդառաջելով հանգանակութիւն ծանուցուած է, բացի կարգ մը եկեղեցիներէ, միայն ծխականներու նուէրներէ գոյացած գումարը առաքուած է Առաջնորդարան, առանց որ եկեղեցին իր լուման բերէ։ Տակաւին չեմ ուզեր անդրադառնալ հաւաքուած գումարներու Առաջնորդարան փոխանցման, որ տեղի ունեցած է միայն կարգ մը յիշեցումներէ ետք։ Նման կիրարկում ո՛չ միայն օգնութեան թափը կը կասեցնէ, այլ նաեւ նկարագիրը կ՛աղօտէ։

Հետեւաբար, գործնական առաջարկ մը կ՛ուզեմ բաժնել ձեր հետ, ինչ որ կարգ մը հոգաբարձութիւններ արդէն իսկ կը կատարեն։ Ամէն տարի եկեղեցւոյ պիւտճէին մէջ յատկացնել գումար մը բարեգործութեան նպատակաւ։ Ցանկութիւնս է, որ Ազգային Առաջնորդարանի բոլոր եկեղեցիներէն ներս այս երեւոյթը հաստատութենական նկարագիր ստանայ։ Տարեկան պիւտճէի ցանկին վրայ բարեսիրութեան յայտարար գումար մը աւելցնելը, անկախ անոր չափէն, պիտի ցոլացնէ եկեղեցւոյ հարազատ էութիւնը, ինքնութիւնը եւ առաքելութիւնը որպէս հաւատքի ընտանիք։ Նման սկզբունք որդեգրելով, պիտի կարենանք․

  • Սէրը աւելի շօշափելի դարձնել․
  • Օգնել անոնց, որոնք անակնկալ կերպով կը թակեն եկեղեցւոյ դուռը նպաստ ստանալու ակնկալութեամբ, որպէս յոյսի վերջին աղբիւր․
  • Նեցուկ կանգնիլ այն ընտանիքներուն, որոնք իրենց զաւակներու երբեմն հայեցի, երբեմն մասնագիտական կրթութեան համար օժանդակութեան կը կարօտին.
  • Քաջալերել երիտասարդներու օգտաշատ ծրագիրներ, որոնք կրնան ապահովել անոնց մասնակցութիւնը համայնքային կեանքէն ներս.
  • Արտահաս օգնութիւն անմիջապէս հասցնել հոն ուր կարիքի ձայնը կը հնչէ։

Գործի վերածուած Սէրը աղբիւր է հզօրութեան, ուրախութեան, բարգաւաճման անձնական թէ հաւաքական կեանքէն ենրս։ Որքան աւելի ուրախութեամբ բաժնենք, այնքան աւելի հարազատ զաւակները կը դառնանք Ամենողորմ եւ Բարեգութ Երկնաւոր Հօր, որուն երեւելի եւ աներեւոյթ բարիքները աշխարհը կը վայելէ ստեղծագործութենէն ի վեր։

Հուսկ բանի, խարսխուելով Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ վրայ, կը դառնանք հզօր եկեղեցի եւ Ազգ։ Կը դառնանք աստուածային օրհնութեամբ լի՝ հարազատ ժառանգորդները հինգ հազարամեայ Հայ կեանքին, եւ վերջապէս, ամուր կապ մեր նախահայրերուն եւ մեզի յաջորդող սերունդներուն միջեւ, ի խնդիր մարդկութեան յառաջդիմութեան, Հայ ազգի պանծացման եւ ի փառս Աստուծոյ։