Տօներ

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆ

Կիրակի, 28 Մայիսին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Հոգեգալուստը՝ Սուրբ Հոգիի էջքը աշակերտներուն վրայ, եւ Եկեղեցւոյ ծնունդը։ Յիսուս պատուիրած էր իր Առաքեալներուն. «Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք» (Մտ 28:19)։ Հասկնալով այս մեծ պարտաւորութեան դժուարութիւնը, Քրիստոս իր Աշակերտներուն խորհուրդ տուած էր իրենց առաքելութեան սկսիլ Սուրբ Հոգիի գալուստէն ետք։

Առաքեալներու Գործերուն մէջ կը կարդանք, որ Հոգեգալուստի այդ օրը Առաքեալները տեղ մը հաւաքուեցան, եւ յանկարծ ուժեղ քամի մը կարծես լեցուց այն տունը, ուր հաւաքուած էին, զանոնք համակելով Սուրբ Հոգիով (տե՛ս վերի ընթերցումը՝ Գրծ 2:1-21)։ Հրէական Պենտէկոստէ (Շապուոթ) տօնն էր, որ կը նշէ Սինա լերան վրայ օրէնքի տախտակներուն յանձնումը։ Տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ մարդիկ եկած էին Երուսաղէմ։ Անոնք հիացան, որ Առաքեալներուն խօսքերը կրնային հասկնալ։ Այս օր, երբ Սուրբ Հոգին իջաւ Առաքեալներուն վրայ, սկսաւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ Բարի Լուրը տարածելու ամբողջ աշխարհին մէջ։

Ձեւով մը, Պենտէկոստէն հակառակն է Բաբելոնի աշտարակի՝ Հին Կտակարանի պատմութեան, երբ Աստուած, դժգոհելով երկինք հասնելու կոչուած աշտարակի շինութենէն, շփոթ ստեղծեց՝ աշխատաւորները տարբեր լեզուներով խօսեցնելով, ու այսպէս՝ անոնք անկարող եղան զիրար հասկնալ։ Իսկ Պենտէկոստէին, Ան աշակերտներուն կարողութիւնը տուաւ ուրիշ լեզուներ խօսելու եւ բոլորին կողմէ ամէնուրեք հասկցուելու։

Կենդանարար Աստուած մարդասէր հոգի. զժողովեալսն միաբանական սիրով լուսաւորեցեր հրեղինօք լեզուոք. վասն որոյ եւ մեք այսօր տօնեմք զգալուստ քո սուրբ։

Զուարճացան քո գալստեամբն սուրբ առաքեալքն. կոչելով ի միասին զցրուեալսն ի միմեանց բազմաձայն լեզուօք, վասն որոյ եւ մեք այսօր տօնեմք զգալուստ քո սուրբ։

Հոգեւորական սուրբ մկրտութեամբ զարդարեցեր նոքօք զտիեզերս ի զգեստս լուսափայլս եւ նորափետուրս. վասն որոյ եւ մեք ասյօր տօնեմք զգալուստ քո սուրբ։

(Կենդանարար Աստուած, մարդասէր Հոգի, միաբանական սիրով Վերնատան մէջ հաւաքուածները հրեղէն լեզուներով լուսաւորեցիր. ուստի մենք ալ այսօր քու սուրբ գալուստդ կը տօնենք։

Սուրբ առաքեալները ուրախացան գալուստովդ եւ բազմաձայն լեզուներով միահամուռ հրաւիրեցին իրարմէ ցրուած ազգերը. ուստի մենք ալ այսօր քու սուրբ գալուստդ կը տօնենք։

Անոնց միջոցաւ՝ հոգեւոր սուրբ մկրտութեամբ զարդարեցիր տիեզերքը լուսափայլ եւ նորափետուր զգեստներով, ուստի մենք ալ այսօր քու սուրբ գալուստդ կը տօնենք)։

(Կանոն Հոգեգալստեան առաջին օրուան)