Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ (մահ՝ 26 Մայիս, 451)

Հայաստանեայց Եկեղեցին Վարդանանց պատերազմի սրբացած 1036 նահատակները կ՚ոգեկոչէ Բուն Բարեկենդանին նախորդող Հինգշաբթին, իսկ Ղեւոնդեանց տօնը, երկու օր առաջ, կը յիշէ քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան նահատակուած ու նաեւ սրբացած եկեղեցականները։

Սակայն, Աւարայրի ճակատամարտը՝ Վարդանանց պատերազմի գլխաւոր դրուագը, տեղի ունեցած է 26 Մայիս 451ին, բուն թուականը, երբ հայկական զօրքերու հրամանատար Վարդան Մամիկոնեան իր կեանքը զոհեց վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց։

Վարդան Մամիկոնեան՝ աւագ որդին Համազասպ Մամիկոնեանի եւ Սահակ Ա. Պարթեւ կաթողիկոսի դստեր Սահականոյշի, ծնած է 388ին։ Տարի մը առաջ, Հայաստան բաժնուած էր Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ։ Ապագայ սպարապետը ուսումը ստացած է Վաղարշապատի նորաբաց դպրոցին մէջ, զոր հիմնած էին Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ Պարթեւ գիրերու գիւտէն ետք։

420ին, Վարդան Մամոկինեան Կ. Պոլսոյ մէջ Բիւզանսիոնի Թէոդոսիոս Բ. կայսեր հրամանով ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի բիւզանդական մասի զօրավար։ Երկու տարի ետք, մեկնած է Պարսկաստանի մայրաքաղաք Տիզբոն, ուր Սասանեան Վռամ Ե. Գոռ արքան զինք ճանչցած է հայոց սպարապետ, իսկ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն (428) չորս ետք, ան հաստատուած է իբրեւ Մարզպանական Հայաստանի զօրքերու սպարապետ։

Վռամ Ե.ի յաջորդի՝ Յազկերտ Բ. թագաւորի հրամանով, 442 թուականին հայկական այրուձին Վարդան Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ կռուած է քուշաններու դէմ, որոնք ներխուժած էին Պարսկատան։

449ին, Յազկերտ Բ. հրովարտակով հայոց կոչ ըրած է հրաժարիլ քրիստոնէութենէն եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը։ Վարդան Մամիկոնեանի մասնակցութեամբ Արտաշատի մէջ գումարուած ժողովը մերժած է պարսիկ արքայի կրօնափոխութեան առաջարկը։ Դրացի վրացիներն ու աղուաններն ալ մերժողական պատասխան ուղարկած են։

Վարդան եւ հայոց, վրաց ու աղուանից իշխանութիւններու ներկայացուցիչները կանչուած են Տիզբոն։ Ապրիլ 450ին Տիզբոն մեկնած են Վարդան Մամիկոնեան, Հայաստանի մարզպան Վասակ Սիւնի, Վահան Ամատունի, Գուգարքի բդեշխ Աշուշա, Վիրքի (Վրաստանի) եւ Աղուանքի նախարարները։ Յազկերտը անոնցմէ պահանջած է կրօնափոխ ըլլալ, հակառակ պարագային սպառնալով անոնց ընտանիքներուն հետ աքսորել երկրի խորքերը, զրկելով իրենց ունեցուածքէն։ Նախարարները որոշած են առերես ընդունիլ անոր առաջարկը եւ, վերադառնալով իրենց երկիրները, ապստամբիլ։ Սակայն, Յազկերտ իր մօտ պատանդ պահած է Աշուշան եւ Վասակ Սիւնիի որդիները՝ Բաբիկը եւ Ատրներսեհը։

Այնուհետեւ, դէպքերը կայծակնային արագութիւն ստացած են։ Յազկերտ հայ նախարարները ուղարկած է Հայաստան 700 մոգի եւ հսկիչ զօրախումբի ուղեկցութեամբ, յանձնարարելով մէկ տարուան ընթացքին եկեղեցիները վերածել մեհեաններու ու կրակատուներու եւ կառուցել ատրուշաններ։ Հայ նախարարները վերադարձած են հայրենիք՝ դիմադրութիւն կազմակերպելու յոյսով։ Մոգերը Անգղ աւանի եկեղեցին փորձած են վերածել ատրուշանի, սակայն հայերը՝ Ղեւոնդ երէցի գլխաւորութեամբ, յարձակած են մոգերուն վրայ եւ ձերբակալած, հետագային զանոնք մահապատիժի ենթարկելով Զարեհաւանի մէջ։ Վարդան Մամիկոնեան ժողով հրաւիրած է եւ յայտնած, թէ ուրացումը կեղծ էր։ Կազմուած է ժամանակաւոր կառավարութիւն. Վարդան Մամիկոնեան՝ սպարապետ, Յովսէփ Ա. Կաթողիկոս՝ մեծ դատաւոր, Վասակ Սիւնի՝ մարզպան։

Ռազմական դաշինք կնքելով Աղուանից եւ Վրաց մարզպանութիւններուն հետ, 450 թուականին Վարդան Մամիկոնեան օգնութիւն խնդրած է Բիւզանդիոնէն, սակայն Մարկիանոս կայսրը մերժած է։ Այնուհետեւ, Աղուանքի մարզպանը օգնութիւն խնդրած է Վարդանէն, քանի որ պարսիկները մեծաքանակ զօրքով մտած էին Աղուանք։ Վարդան փութացած է Աղուանք եւ Կուր գետի անցումին մօտ հանդիպած է պարսկական զօրքին։ Խաղխաղ (այժմ՝ Ղազախ, Ատրպէյճանի մէջ) քաղաքի մօտերը տեղի ունեցած ճակատամարտը աւարտած է պարսիկներու պարտութեամբ։  Վարդան Մամիկոնեանի զօրախումբը հասած է մինչեւ Ճորա պահակի ամրութիւնները (այժմեան Դերբենդ քաղաքի մօտ) եւ փոխօգնութեան դաշինք կնքած՝ հոներուն հետ։

Լուր հասած է, որ Վասակ Սիւնի, վախնալով որդիներուն համար, կը հրաժարի ապստամբութենէն, պատճառաբանելով, թէ անկարելի էր յաղթել առանց յոյներու աջակցութեան։ Վարդան Մամիկոնեան վերադարձած է Հայաստան եւ իշխանութիւնը իր ձեռքը վերցուցած, նախապատրաստուելով վճռական մարտի։

Վճռական ճակատամարտը տեղի ունեցած է 26 Մայիս 451ին, Վասպուրական նահանգի Արտազ գավառի Աւարայրի դաշտին մէջ։ Վարդան Մամիկոնեան 66.000 հոգինոց հայոց զօրքը բաժնած է չորս մասերու, զորս կը ղեկավարէին Ներշապուհ Արծրունին, Խորէն Խորխոռունին, Թաթուլ Վանանդեցին եւ Վարդան Մամիկոնեանը։ Վերջինս եղած է առաջինը, որ գրոհած պարսիկներուն վրայ, սակայն շրջափակման մէջ ինկած ու զոհուած է։ Հակառակ Վարդան Մամիկոնեանի մահուան, պարսիկները, որոնց 90.000 հոգինոց բանակը երեք անգամ աւելի զոհ տուած է, ետ կանչած են իրենց զօրքերը, տեսնելով հայոց յամառ դիմադրութիւնը։

Վարդան Մամիկոնեան եւ Վարդանանց նահատակները ներշնչման աղբիւր դարձած են բոլոր դարերուն՝ Աւարայրէն մինչեւ Սարտարապատ ու Արցախ։ Վարդան Մամիկոնեանի հերոսական կերպարը ցոլացած է գեղարուեստական գրականութեան, երաժշտութեան, քանդակագործութեան, գեղանկարչութեան եւ թատերագրութեան մէջ։ Վարդանանց նուիրուած են Պետրոս Ա. Գետադարձ Կաթողիկոսի «Արիացեալք» եւ Ներսէս Դ. Կլայեցի (Շնորհալի) կաթողիկոսի «Նորահրաշ» շարականները։

Վարդան Մամիկոնեանի ու Վարդանանց նուիրուած եկեղեցիներ ու վանքեր կառուցուած են Հայաստանի տարբեր նահանգներու, աւելի ուշ՝ հայկական գաղթավայրերու, իսկ 20րդ դարուն՝ Սփիւռքի մէջ։ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի երկու եկեղեցիներ կը յիշեն Վարդանանց անունը՝ Նիւ Ճըրզիի եւ Ռոտ Այլընտի մէջ։