Featured, Սուրբեր

ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ

Այս Կիրակի, 4 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Հին Կտակարանի մեծագոյն մարգարէներէն մէկը՝ Եղիան, որուն մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ արձանագրուած են Գ. եւ Դ. Թագաւորներու գիրքերուն մէջ։ Այլակերպման ժամանակ Յիսուսի կողքին Մովսէս մարգարէի հետ երեւցած է որպէս կեանքի եւ նոր ուխտի ներկայացուցիչ։ Արեւելեան բոլոր եկեղեցիներուն նման, Հայ Եկեղեցին մեծ յարգանք կը տածէ Եղիա մարգարէի հանդէպ։ Եղիա չէ մահացած, այլ հրեղէն կառքով երկինք վերափոխուած է՝ Աստուածամօր պէս։ Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին երգուող «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականին մէջ, Եղիա մարգարէ հետեւեալ ձեւով կը յիշուի.

«Ի վերին Երուսաղէմ ի բնակարանս հրեշտակաց, ուր Ենովք եւ Եղիաս կան ծերացեալ աղաւնակերպ, ի դրախտին եդեմական պայծառացեալ արժանապէս. ողորմած Տէր, ողորմեա հոգւոցն մեր ննջեցելոց»

(Ընդունէ՛ մեզ վերին Երուսաղէմի մէջ, որ հրեշտակներու բնակարանն է, Եդեմի դրախտը, ուր Ենովք եւ Եղիա աղաւնիի անբծութեամբ վայելչապէս պայծառացած կը գտնուին։ Ողորմա՜ծ Տէր, ողորմէ՛ մեր ննջեցեալներու հոգիներուն)։