Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԵԼՔԸ ՎԻՐԱՊԷՆ

Շաբաթ, 10 Յունիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելքը կը տօնուի։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանաւոր սուրբն է, որուն վերապահուած են չորս տօնական օրեր մեր տօնացոյցին մէջ. վիրապ մուտքը, վիրապին մէջ հրեշտակի իրեն տուած այցելութիւնը, վիրապէն ելքը, նշխարներու գիւտը։ Ան սերտօրէն կապուած է նաեւ Ս. Հռիփսիմեանց եւ Ս. Գայիանեանց կոյսերու, Շողակաթի, Ս. Էջմիածնի եւ Տրդատ թագաւորի տօներուն։ Սուրբ Լուսաւորիչ կը նկատուի վաղ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ հայրերէն մէկը եւ ճանչցուած է արեւելեան ու արեւմտեան եկեղեցիներուն կողմէ, յիշուած ըլլալով անոնց տօնացոյցերուն մէջ եւս։

287 թուականին Գրիգոր վիրապ նետուելու դատապարտուեցաւ Տրդատ թագաւորին կողմէ, ինչ որ ծայր տուաւ քրիստոնեաներու հալածանքին։ Վիրապին մէջ անցուցած երկար տարիներուն, Գրիգոր հրաշքով ողջ մնաց, ըստ աւանդութեան, շնորհիւ հրեշտակի մը ամէնօրեայ այցելութեան։ Հռիփսիմէի ու Գայիանէի գլխաւորութեամբ՝ Հռոմէն ժամանած խումբ մը կոյսերու նահատակութենէն ետք, Տրդատ տարօրինակ ախտերով բռնուեցաւ։ Քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ, երազի մէջ տեսաւ, որ Գրիգոր միակ անձն էր, որ կրնար թագաւորը բուժել։ Ան դուրս բերուեցաւ խոր վիրապէն եւ թագաւորը բուժեց ու մկրտեց։ Այնուհետեւ, Տրդատ թագաւոր քրիստոնէութիւնը հռչակեց Հայաստանի պետական կրօնք։

Գրիգոր Լուսաւորիչէն առաջ, Թադէոս ու Բարդողիմէոս առաքեալները Հայաստան աշխարհին մէջ քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչները եղած էին Ա. դարուն։ Այդ պատճառով է, որ Հայ Եկեղեցին կ՚անուանուի Առաքելական Եկեղեցի։ Այսուհանդերձ, Գրիգոր Լուսաւորիչ կը մեծարուի հայ ժողովուրդին կողմէ, որ զինքը կը նկատէ անոր հաւատքին հայրը։ Հարիւրաւոր եկեղեցիներ անոր անունը կը կրեն ամբողջ աշխարհի մէջ։

«Դեռ չբաժնուած Եկեղեցւոյ հին տօնացոյցերը զինք [Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը] կը տօնէին նոյն օրը՝ Արեւելքի ու Արեւմուտքի մէջ, իբրեւ ճշմարտութեան եւ սրբութեան անխոնջ առաքեալ։ Ս. Գրիգոր՝ ամբողջ հայ ժողովուրդի հաւատքի հայրը, այսօր կը շարունակէ միջնորդել երկինքէն, որպէսզի ձեր մեր ազգի բոլոր զաւակները ի վերջոյ բոլորուին Քրիստոսի՝ մէկ հօտի աստուածային Հովիւի պատրաստած սեղանին շուրջ»

(«Առաքելական նամակ հայ ժողովուրդի մկրտութեան 1700ամեակին առիթով», Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապ, 2 Փետրուար, 2001)