Լեհահայ նկարիչ Թէոտոր Աքսենտովիչ իր ժամանակի հռչակաւոր արուեստագէտներէն մէկը եղած է Լեհաստանի մէջ։
Ծնած է 13 Մայիս, 1859ին, Պրաշովի մէջ (Հունգարիա, այժմ՝ Ռումանիա), լեհահայ ընտանիքի մը մէջ։ Տարրական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ, այնուհետեւ ուսանած է Լվովի (Լեհաստան, այժմ՝ Ուքրանիա) երկրորդական վարժարանին մէջ։ 1879-1882ին ուսանած է Միւնիխի գեղարուեստի ակադեմիային մէջ։ Ապա տեղափոխուած է Փարիզ, ուր 1882-1893ին իր արուեստը կատարելագործած է ֆրանսացի նշանաւոր նկարիչ Գարոլուս-Տիւրանի քով։ 1888ին ընտրուած է ֆրանսական արուեստի ակադեմիայի անդամ։ 1893-1895ին ապրած է Լոնտոնի մէջ, ուր ամուսնացած է անգլիացի Իզա Կիլկուտի հետ եւ զաւակ մը ունեցած։ 1895ին Կրակովի (Լեհաստան) գեղարուեստի հիմնարկը զինք հրաւիրած է վարելու նկարչութեան ամպիոնը։ 1910ին, երբ այդ դպրոցը ակադեմիա դարձած է, տեսուչ ընտրուած է։ 1930ին ստացած է պատուաւոր փրոֆեսորի տիտղոսը։
Բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ունեցած է Լեհաստանի եւ արտասահմանի մէջ, արժանանալով զանազան մրցանակներու։ Շքանշաններ եւ պատիւներ ստացած է Աւստրիոյ, Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի մէջ։
Դիմանկարի վարպետ նկատուած է։ Իր մեծարժէք դիմանկարներուն շարքին կը գտնուի Լվովի հայ առաջնորդ Իսահակ Իսահակովիչի դիմանկարը, ինչպէս եւ հայուհիներու դիմանկարներ։ Հայկական նիւթով գործերէն են «Հայաստանի մկրտութիւնը», «Հայ գաղթականները Լեհաստանի մէջ» կտաւները։
Մահացած է 26 Օգոստոս, 1938ին, Կրակովի մէջ։ 1952ին քաղաքի Կազիմիր Մեծի հրապարակը վերամկրտուած է Աքսենտովիչի անունով։ 2010ին, Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը հրապարակ հանած է նկարիչին նուիրուած 100 դրամի յուշադրամ մը, իսկ 2014ին անոր 53 գործերը ցուցադրուած են Հայաստանի պետական պատկերասրահին մէջ։