Աւելի քան 200 հոգի ներկայ էր Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 19 Նոյեմբերին, Նիւ Եորքի «Ռոքֆելլըր Սենթըր»ին մէջ, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկաներու շարքին էին ՄԱԿի Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը՝ դեսպան Մհեր Մարգարեան, եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնը՝ Զաւէն Խանճեանը։
Նորին Սրբութեան բացման աղօթքէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի ձեռնարկներու համակարգող Սիւզըն Չթճեան-Էրիքսըն բացման խօսք արտասանեց, որմէ ետք հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի Թամար Քանարեան։ Սիրան Չորպաճեան երգեց ամերիկեան եւ հայկական ազգային քայլերգները։
Խօսք առին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետը՝ մեթր Հրանդ Պետրոսեան, եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետը՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, որոնք վեր առին Վեհափառ Հայրապետի կերպարը, գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը։
Նորին Սրբութեան կողմէ երիտասարդութեան ընծայուած դերակատարութեան իբրեւ խորհրդանշական արտայայտութիւն, խօսք առին Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտ Վահան Չաղլասեան, «Տաթեւ» ամառնային ծրագրի շրջանաւարտ Թալին Լագիսեան եւ «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութեան անդամ Յովսէփ Թրթռեան։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, խօսելով քոյր կազմակերպութիւններու կողմէ, դիտել տուաւ, որ «մեր հոգեւոր հովուապետ Արամ Վեհափառը մեզի կ՚ուսուցանէ բազմաթիւ բաներ, որոնց շարքին, թէ մենք տէրերն ենք եւ ո՛չ թէ վկաները մեր հաւատքի, մեր ազատութեան, մեր ապագայի, եւ մեր ճակատագիրը մեզի չի սպասեր, այլ պէտք է գրուի մեր կողմէ»։ .
Յիշելով նորոգ հանգուցեալ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանը, Ա. Համբարեան վկայակոչեց զինքն ու Վեհափառ Հայրապետը միացնող պարտականութիւնը, ինչ որ «կապած է զիրենք եւ մեզ բերած է այստեղ այսօր։ Ատիկա մեր եկեղեցւոյ, մեր դատի բնորոշ նշանն է։ Ահա այդ է Վեհափառ Հօր գլխաւոր ուսմունքներէն մէկը. Աստուծոյ գործը կը սկսի մեր սրտերուն մէջ, բայց ձեւ կ՚առնէ մեր ձեռքերուն մէջ»։
Ներկաները վայելեցին երիտասարդ արուեստագէտներու կողմէ մատուցուած գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիրը։ Այսպէս՝ Անահիտ Ինճիկիւլեան երգեց «Մարտիկի երգը» (Աշոտ Սաթեան) եւ “Je te veux” (Էրիք Սաթի), իսկ Քարինա Վարդանեան՝ Կոմիտաս Վարդապետի մշակած «Կռունկ»ը եւ Ճաքոմօ Փուչինիի “O Mio Babbino Caro”։ Ճաշէն ետք, Յուշեր Պզտիկեան երգեց «Քարաւան» (Խաչատուր Աւետիսեան), Սիրան Չորպաճեան՝ «Քելէ, քելէ» (Կոմիտաս Վարդապետ), իսկ երկու երգչուհիները միասնաբար մեկնաբանեցին Էտկար Յովհաննիսեանի «Երեւան-Էրեբունի»ն։ Յաջորդաբար, ջութակահար Տիանա Վասիլեան հայկական եղանակներու շարք մը ներկայացուց։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ կարգ մը ազգայիններու պարգեւատրումը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ներկայացումով։ Այսպէս, հայագէտ ու Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան արժանացաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին՝ հայ մշակոյթին բերած իր նպաստին համար։ Տիար Գառնիկ Ալաճաճեան «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանը ստացաւ համայնքին մէջ իր գործունէութեան եւ բարեսիրական աշխատանքին համար։ Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերուն եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրենց նիւթական երկարամեայ աջակցութեան համար, տիար Ռիչըրտ Գարոլան արժանացաւ «Կիլիկեան իշխան» շքանշանին, եւ տիկ. Թինա Գարոլան՝ «Զապէլ թագուհի» մետալին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ներկայացնելով Վեհափառ Հայրապետը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հեռուէն ու մօտէն եկած էին Նորին Սրբութեան բարի գալուստ մաղթեց, եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին հովուապետական այցելութեան յաջողութեան։
Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ անգլերէն պերճախօս պատգամով, ընդգծելէ ետք իր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած նշանակալից կէտերը, ինչպէս հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ ընտանեկան զօրաւոր հիմքի մը կարեւորութիւնը, շեշտեց.
«Համաշխարհայնացումը բառ մը չէ այլեւս, այլ կեանքի իրականութիւն մը։ Իր սեփական տեսիլքը ունի՝ բոլոր մշակոյթները կործանող մշակոյթ մը։ Մենք ուղղակի ենթարկուած ենք այս մշակոյթին։ Չենք կրնար կղզիացած ապրիլ այս աշխարհին մէջ։ Պէտք է սորվինք նախաձեռնարկ ըլլալու եւ մեր ինքնութիւնը պահելու։ Չենք կրնար ապրիլ անցեալին մէջ։ Պէտք է քայլ պահենք փոխուող ժամանակին հետ ու 21րդ դարու եկեղեցին դառնանք»։
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ եկեղեցին «թանգարան մը չէ», պէտք է նորոգենք մեր եկեղեցին «վերափոխիչ ներկայութիւն մը դառնալու համար։ Իսկ երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցին փnոխելու էական դերը ունի»։
Ո՞վ ենք մենք, հարց տուաւ ան։ «Միացեալ Նահանգներ ապրող հայեր ենք։ Պէտք է պահենք մեր հայկական ինքնութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աւելցնելով, թէ «Ամերիկան տարբեր ակունքներու ազգ մըն է»։
Կաթողիկոսը յիշեց, թէ 1976ին, երբ ինք ուսանող էր, «եկեղեցին մարտահրաւէրի ենթարկուած էր։ Չենք կրնար ապրիլ առանց մեր արմատներուն, եւ պէտք է նաեւ Միացեալ Նահանգներու կարեւոր մաս մը ըլլանք։ Բայց ձուլում չի կրնար ըլլալ։ Մենք մեր ազգի դիմագրաւած ամենէն ճակատագրական փուլին կը գտնուինք։ Բազմաթիւ տագնապներ, բեւեռացում եւ լարուածութիւն Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ կ՚ազդեն մեր վրայ»։
Այսօր, իբրեւ ազգ, «պէտք է զօրացնենք մեր հաւատքը, յոյսը, տեսիլքը։ Պէտք ունինք այնպիսի ղեկավարներու, որոնք կարենան ղեկավարել մեր ազգը, ղեկավարներ որ քաջութիւն ու իմաստութիւն ունենան եւ մեր հայրենիքին աննպաստ աշխարհաքաղաքական իրականութիւններուն իրազեկ ըլլան։ Պէտք է զարգանանք, չենք կրնար մնալ հոն ուր որ ենք։ Պէտք է պայքարինք մարտահրաւէրներու դէմ եւ դիմագրաւենք նոր իրականութիւնը Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը։ «Վերջին երկու տարիներուն, շեշտած եմ Սփիւռքին, թէ պէտք է յառաջ շարժինք նոր տեսիլքով, ուր երիտասարդութիւնը շատ կարեւոր դեր մը ունի», հաստատեց ան։ «Մեր երիտասարդութիւնը, իր կեանքի փորձարկումներով եւ խիզախութեամբ, էական դեր մը կրնայ խաղալ», եզրափակեց Վեհափառը, որուն խօսքերը արժանացան երկարատեւ ծափահարութիւններու։
Վեհափառ Հայրապետի օրհնութենէն ետք, տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» երգով։