Կիրակի, 9 Յունիսին, Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան 38-ամեայ իր բեղուն պաշտօնավարութիւնը աւարտեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), հովուական պաշտօնը փոխանցելով Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանին։
Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստր, Մէսէչուսէթս) եւ ատենապետ Կրօնական Ժողովի, կատարեց պաշտօնակալութիւնը յանուն Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, որ ապաքինման ընթացքի մէջ է։
Սրտաբուխ խօսքերով, Արտակ Ծ. Վրդ. շնորհակալութիւն յայտնեց Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քահանային, որ հանգստեան կը կոչուի բազմամեայ եւ օրինակելի ծառայութենէ ետք։ Այնուհետեւ, ան բարի գալուստ մաղթեց Հրանդ Ծ. Վարդապետին թէ՛ Ս. Ստեփանոսի ծուխէն եւ թէ՛ Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքէն ներս, յաջողութիւն մաղթելով իր նոր պաշտօնին մէջ։
Իր քարոզին ընթացքին, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, որոնք իրեն առիթ ընծայած էին հովուելու Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ծուխը։ Ան վեր առաւ երախտարժան ծառայութիւնը նախորդ հովիւին՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանին, հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն եւ քոյր կազմակերպութեանց, յոյս յայտնելով, թէ միասնաբար կը շարունակեն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ։ Վեհափառ Հայրապետի հռչակագրին հետեւողութեամբ, ան կոչ ուղղեց բոլորին վերանորոգ նուիրումով աջակցելու համայնքի հզօրացման, որ իր կարգին կը հզօրացնէ հայրենիքը։ Ան առաջադրեց, որ Ուոթըրթաունի համայնքը պէտք է առաջնորդուի երեք սկզբունքներով՝ միասնականութիւն, առաջնահերթութեան սկզբունքով նպատակներու իրագործում եւ փոխադարձ գործակցութիւն։ Հայր Սուրբը, ի հետեւումն Պետրոս Առաքեալի առաջին նամակի պատգամին, շեշտեց սիրոյ հրամայականը ի շինութիւն եւ պայծառութիւն համայնական կեանքին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ, որուն ներկայ էին նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւներ։ Մասնակիցները իրենց ողջոյնները ու բարեմաղթանքները յայտնեցին թէ՛ Տէր Անդրանիկին եւ թէ՛ Հայր Հրանդին։