Երեքշաբթի, 18 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Դանիէլ մարգարէի ու իր ընկերներուն՝ Սեդրաքի, Միսաքի եւ Աբէթնագովի տօնը։ Գերութենէն ետք, Դանիէլն ու ընկերները արժանացած էին Բաբելոնի թագաւոր Նաբուգոդոնոսորի բարեհաճութեան։ Սակայն, անոնք մերժեցին հնազանդիլ թագաւորի հրամանին՝ իր մեծադիր արձանը աստուծոյ նման պաշտելու եւ երեքով նետուեցան խոշոր հնոցի մը մէջ։ Բոցերը դուրս եկան հնոցէն ու լափեցին շուրջը գտնուողները, մինչ երեք երիտասարդները անվնաս կը քալէին անոնց մէջ։ Ասիկա տեսնելով, թագաւորը հրամայեց, որ ազատ արձակուէին։ (Ամբողջական պատումին համար, տե՛ս Դանիէլի գիրք, գլ. 1-3)։
ԴԱՆԻԷԼ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԵՒ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
13
Jun