Շաբաթ, 22 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Տրդատ թագաւորը, Աշխէն թագուհին եւ Խոսրովիդուխտ իշխանուհին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը չարչարել ու Խոր Վիրապ նետել տալէ ետք, որուն հետեւած էր Հռիփսիմեանց կոյսերուն դաժան սպանութիւնը, Տրդատ թագաւորը զանազան ախտերով վարակուեցաւ։ Աշխէն թագուհի եւ արքայաքոյր Խոսրովիդուխտ (որ գաղտնաբար քրիստոնեայ դարձած էր) համոզեցին արքունիքը, որ միայն Գրիգոր կրնար բուժել զինքը։ Ան ազատ արձակուեցաւ եւ թագաւորի բուժումէն ետք, երեքն ալ սատարեցին Տրդատին, որ քրիստոնէութիւնը տարածէր Հայաստանի մէջ։ Իրենց վերջին տարիներուն, թագուհին ու իշխանուհին ապրեցան Գառնի ամրոցին մէջ, իսկ թագաւորը հանգստեան կոչուեցաւ Ս. Գրիգորի Սեպուհ լերան ճգնարանին մէջ։
ՏՐԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ, ԱՇԽԷՆ ԹԱԳՈՒՀԻ ԵՒ ԽՈՍՐՈՎԻԴՈՒԽՏ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ
20
Jun