Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի (Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ) թեկնածութիւնը ներառուած ըլլալով Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդական ընտրութեան եռանուն ցանկին մէջ, Երկուշաբթի, 1 Յուլիսի արտահերթ ժողովին, Թեմին Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը առաջնորդ ընտրեց Գերապատիւ Հայր Սուրբը ձայներու մեծամասնութեամբ։ Այս առթիւ, Թեմիս Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները եւ Ազգային Առաջնորդարանի հանուր ընտանիքը կը շնորհաւորեն Հայր Սուրբին առաջնորդ ընտրութիւնը, մաղթելով իրեն քաջառողջութիւն եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն իր այս նոր առաքելութեան մէջ։
Հ. ՍԱՀԱԿ Ծ. ՎՐԴ ԵՄԻՇԵԱՆ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԸՆՏՐՈՒԱԾ
04
Jul