Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» տարեկան ամառնային լսարանը աշխատանքի սկսաւ Կիրակի, 30 Յունիսին, St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա), 43 աշակերտներու եւ 14 դասախօսներու եւ խորհրդականներու մասնակցութեամբ։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ տակաւին կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը, աշակերտներուն հետ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ, իր օրհնութիւնը բաշխելով անոնց եւ մաղթելով, որ ուսման, ընկերային աշխատանքի եւ աղօթքի այս շաբաթը կեանքի վերափոխման եւ հաւատքի խորացման փորձառութիւն մը դառնայ բոլորին համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուներուն եւ անձնակազմին իրենց թանկագին ծառայութեան համար։
Ծրագիրը սկսաւ Երկուշաբթի, 1 Յուլիսին, առաւօտեան արարողութեամբ եւ լսարանի տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի պատգամով։ Տեսուչ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի կեանքին ու առաքելութեան, քաջալերելով մասնակիցները, որ հետեւին անոր օրինակին՝ սորվելով իրենց հաւատքին մասին, կանգնելով ճշմարտութեան ի խնդիր, աղօթելով ու վստահելով Աստուածոյ եւ սիրով ու բարութեամբ վերաբերելով բոլորի հանդէպ։
Առաւօտեան, աշակերտները երեք դասերու հետեւեցան, իսկ կէսօրէ ետք՝ մարզական ու զուարճալի զանազան խաղերու։ Երեկոյեան տեղի ունեցան հաւատքի եւ եկեղեցւոյ վերաբերող նիւթերու մասին քննարկում մը, ինչպէս եւ Ս. Գիրքի սերտողութիւններ երեք տարբեր տարիքային խումբերու համար։ Օրը վերջացաւ երեկոյեան աղօթքով։
Շաբթուան ընթացքին, ծրագիրը կը շարունակուի նոյն թափով, յետմիջօրէին մարզական խաղերով կամ զբօսապտոյտներով։
Լսարանը պիտի աւարտի Կիրակի, 7 Յուլիսին, Ս. Պատարագով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա)։