Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան 32-րդ մարզախաղերը տեղի ունեցան 4-6 Յուլիսին, Փրաւիտընսի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ եւ hովանաւորութեամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի:
Սոյն մարզախաղերուն կը մասնակցէին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան շրջանի 11 մասնաճիւղերէն աւելի քան 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, ինչպէս եւ Գանատայի Լաւալի մասնաճիւղի 9 մարզիկները:
Շաբաթ, 6 Յուլիսի առաւօտեան, Իսթ Կրինիչի երկրորդական վարժարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Փրաւիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, որ փոխանցեց Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւնները և շնորհաւորանքները Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, Փրաւիտընսի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն և սկաուտական շարքերուն, անդրադառնալով նաեւ նման ձեռնարկի մը կարեւորութեան: Արժպ. Տէր Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան կատարեց փակման աղօթքը:
Սոյն հանդիսութեան ընթացքին, Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան, ստացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արժանեաց Շքանշանը, կազմակերպութեան մատուցած իր երկարամեայ ծառայութեան համար։