Երկուշաբթի, 15 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Կարթագինէի եպիսկոպոս Ս. Կիպրիանոսի եւ 45 վկաներու տօնը։ Կիպրիանոս ափրիկեան Եկեղեցւոյ կարեւոր աստուածաբան ու գրագէտ մըն էր։ Մեզի հասած են լատիներէնով գրուած անոր գործերէն շատերը՝ նամակներ, ճառեր, հովուական թուղթեր, որոնցմէ ամենէն ծանօթներէն է «Եկեղեցւոյ միութեան մասին» գործը։ Ան յորդորած է քրիստոնեաները, որ Տէրունական Աղօթքը ըսեն ամէն օր՝ խորհրդածելով իւրաքանչիւր նախադասութեան մասին։ Գրած է Տէրունական Աղօթքի մեկնութիւն մը՝ զայն աղօթքի տիպար նկատելով։
Կիպրիանոս ծնած է 200 թուականին՝ հարուստ ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Ըլլալով հռետորութեան եւ գրականութեան ուսուցիչ, միջին տարիքին քրիստոնեայ դարձած եւ հոգեւորական ձեռնադրուած է եւ ապա՝ Կարթագինէի եպիսկոպոս ընտրուած։ Հալածանքի ենթարկուած է եւ 258 թուականին գլխատուած՝ 45 նահատակներու հետ միասին։
«Երբ կ՚աղօթենք, պէտք է վստահ ըլլանք, որ կը հասկնանք մեր գործածած բառերը։ Պէտք է համեստ ըլլանք, գիտակից՝ մեր սեփական տկարութիւններուն, եւ պատրաստ՝ Աստուծոյ շնորհը ստանալու։ Մեր մարմնի կեցուածքը եւ մեր ձայնի հնչիւնը պէտք է ցոլացնեն այն փաստը, որ աղօթքի միջոցով Աստուծոյ կը ներկայանանք։ Աստուծոյ բարձր ձայնով խօսիլ՝ ամօթալի պիտի ըլլար, հետեւաբար՝ պատշաճ է լուռ ու համեստ եղանակը։ Տէրը մեզի դաստիարակած է, որ պէտք է սովորաբար աղօթել մենք մեզի համար, նոյնիսկ մեր սեփական ննջասենեակներուն մէջ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած ամէնուրեք է, որ կը տեսնէ ու կը լսէ ամէն ինչ, եւ որ կը թափանցէ մեր սրտերուն ամենախոր գաղտնիքներուն»
(Կիպրիանոս Կարթագենացիի «Տէրունական Աղօթքին մասին» մեկնութենէն)