Կիրակի, 7 Յուլիսին, Այլակերպութեան տօնին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը իր տարեկան ծրագիրը ամբողջացուց Ս. Պատարագով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա)։ Պատարագեց եւ քարոզեց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ հովիւ եկեղեցւոյ։ Իր խօսքին մէջ, Հայր Սուրբը, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, վեր առաւ «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի դերը մեր նորահաս սերունդի կեանքին մէջ եւ մաղթեց, որ Քրիստոսով այլակերպուին, փոխակերպելով նաեւ իրենց շրջապատը։ 30 Յունիսին սկսած լսարանին մասնակցեցան 43 աշակերտներ։
Աշակերտները մեծապէս գնահատեցին լսարանը, զոր նկատեցին «երկրորդ տան մը պէս» եւ «փորձառութիւն մը, զոր կարելի չէ մոռնալ»։ Մասնակիցներէն մէկը, արտայայտուելով լսարանի մասին, գրեց. «Դասերը շատ մանրամասն էին եւ յարմար՝ բաց քննարկման համար, ինչ որ թոյլ կու տար մեզի ազատօրէն հարցումներ կատարել նիւթին մասին կամ այլ բաներու մասին, զոր չէինք հասկցած»։ Ուրիշ մասնակից մը յայտնեց, թէ «երեկոյեան Ս. Գիրքի սերտողութեան պահերը հոյակապ միջոց մըն են Աստուածաշունչի մասին սորվելու այնպիսի ձեւով մը, զոր կարելի չէ գտնել այլուր»։ «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին մէջ «ո՛չ միայն կը հանդիպինք ու կապ կը հաստատենք այլ հայ քրիստոնեաներու հետ, այլեւ կ՚ուժեղացնենք մեր կապը Աստուծոյ հետ»։
Մասնակիցներուն տպաւորութիւնները կարդալու համար՝ անգլերէնով, հաճեցէք սեղմել այստեղ։