Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Խաչվերացը, որ մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է։
Քրիստոնեայ եկեղեցիներու մեծ մասը Սեպտեմբեր 14ին կը նշէ այս սուրբ օրը, մինչ Հայ Եկեղեցին զայն փոխադրած է ամենամօտ Կիրակին։ Այս տօնով կը պանծացուի խաչի գերեվարութենէն ետք անոր փառաբանումը։
Քրիստոսի աշակերտներէն Յակովբոս Տեառնեղբայր առաքեալը՝ Երուսաղէմի առաջին պատրիարքը, Սուրբ Խաչը բարձրացուցած է կրօնական արարողութեան մը ընթացքին, մինչ կ՚երգէր «Խաչի քո Քրիստոս երկիր պագանեմք» շարականը, այսպէս ընդունելով խաչը իբրեւ փրկութեան խորհրդանիշ առարկայ։ Յակովբոս առաքեալը աւելի ուշ նահատակուած է Երուսաղէմի մէջ, եւ անոր գերեզմանին վրայ բարձրացած է Սրբոց Յակոբեանց լայնատարած հայոց վանքը։
Մեր տօնացոյցը խաչին նուիրուած չորս տօներ ունի, որոնցմէ ամենէն կարեւորը Խաչվերացն է։ Միւս տօներն են՝ Երեւում Ս. Խաչի, Վարագայ Ս. Խաչ եւ Խաչի Գիւտ։ Այս տօներէն իւրաքանչիւրը կապուած է մեր Տիրոջ կեանքին ու փրկարար գործին։
Խաչվերացի արարողութեան, Խաչը յարդարուած կ՚ըլլայ ռեհանով, ինչ որ թագաւորական նշան մըն է, բայց նաեւ խորհրդանիշ մը՝ կենդանի խաչին, որ եկեղեցւոյ շուրջ թափօրով կը տարուի։ Աստուածաշունչի ընթերցումներէն ետք, պատարագող հոգեւորականը խաչը կը բարձրացնէ եւ խաչի նշանը կը կատարէ՝ օրհնելով աշխարհի չորս ծագերը (Անդաստանի արարողութիւն), հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնն ու առատութիւնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ բարգաւաճման ու հողի պտղաբերման, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր վայրերուն ու բնակիչներուն համար։
Խաչվերացի արարողութիւնը պատրաստած է Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոսը (677-703), որ նաեւ յօրինած է տօնին երգուող շարականը։ Այլ տաղաւարներու պէս, Խաչվերացին կը նախորդէ պահքի շաբաթ մը եւ կը հետեւի Մեռելոցի օրը։ Այս տօնին նախօրեակն ալ (նաւակատիք) կը տօնուի։ Մեռելոցին յաջորդող Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը տօնական են ու նուիրուած՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Այս Կիրակի յիշատակուող անուններն են՝ Խաչատուր, Խաչիկ, Խաչեր, Խաչերես, Ռեհան, Խաչուհի եւ Նշան։