Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Փեբրոնէ եւ Մարիանէ կոյսերու եւ Սրբուհի Շուշանի տօնը։ Ամենէն ծանօթը Շուշանն է՝ Վարդան Մամիկոնեանի դուստրը եւ Ս. Սահակ Հայրապետի ծոռը։ Ան դաստիարակուած էր Ս. Սահակի եւ մեծ մօր՝ Սահականոյշի շունչին տակ։ Հօր կեանքն ու նահատակութիւնը ներշնչած էին զայն՝ նուիրեալ ու հաւատացեալ քրիստոնեայ մը դառնալու։ Աւազանի անունը Վարդենի էր, բայց կոչուած էր Շուշան՝ արտակարգ բարեպաշտութեան պատճառով։ Ամուսնացած էր Վրաստանի թագաւորի որդիներէն մէկուն՝ Վազգէնին հետ, եւ ունէր երեք որդի ու դուստր մը։ Աներոջ մահէն ետք, իշխանատենչ ամուսինը մեկնած էր Պարսկաստան, քրիստոնէութենէ հրաժարած եւ Վրաստան վերադարձած՝ ուրիշ կնոջ մը հետ։
Այնուհետեւ, ան փորձեց, որ Շուշանը հրաժարէր իր քրիստոնէական հաւատքէն, բայց ան մերժեց հրաժարիլ այն հաւատքէն, որուն համար իր հայրը քաջաբար կռուած ու զոհուած էր, եւ նահատակուեցաւ՝ բանտարկութեան ու չարչարանքի տարիներէ ետք։
Փեբրոնէ արտակարգ գեղեցկութեամբ կոյս մըն էր, որ Մծբին (Միջագետք) կ՚ապրէր եւ որուն առաջարկուեցաւ հրաժարիլ իր կրօնքէն՝ հալածանքէ ու չարչարանքէ զերծ մնալու համար։ Ան մերժեց ու չարաչար նահատակուեցաւ։
Մարիանէ՝ կռապաշտ ծնողներու դուստրը, քրիստոնեայ կնոջ մը խնամքով մեծցուած, թաքուն կերպով տասներկու տարեկանին քրիստոնեայ մկրտուած էր։ Ան տասնհինգ տարեկանին հօրը խոստովանած էր իր քրիստոնեայ ըլլալը, մերժելով թէ՛ հրաժարիլ իր կրօնքէն եւ թէ՛ ամուսնանալ տեղական հեթանոս պաշտօնատարի մը հետ, որուն յայտնած էր, թէ «ամուսնացած էր Քրիստոսի հետ»։ Այդ պատճառով ան իր կեանքը աւարտած էր չարչարանքով ու նահատակութեամբ։