Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնախմբէ Ս. Գէորգ Զօրավարի յիշատակը։ Ս. Գէորգ (275-303) հռոմէացի զօրավար մըն էր, որ մարտահրաւէր կարդացած էր կայսեր՝ քրիստոնեաներու հալածանքը հրամայող անոր հրովարտակը պատռելով եւ կոչ ուղղելով, որ ուրիշներ հետեւին իր օրինակին։ Մինչեւ օրս, ան կը մնայ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդական սուրբերէն, դառնալով զինուորներու եւ սկաուտներու հովանաւոր սուրբը։ Ինչպէս շատ մը այլ պարագաներու, հայերը ազգային նկարագիր տուած են Ս. Գէորգին, անոր տօնը կատարելով Վարագայ Ս. Խաչի տօնին նախորդող Շաբաթ օրը։
ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ
26
Sep