Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին, մեր Եկեղեցին կը նշէ իրեն յատուկ՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, որ կու գայ Խաչվերաց տօնէն երկու շաբաթ ետք։ Հռիփսիմեանց կոյսերը Հայաստան գալով բնակութիւն հաստատած էին Վարագայ լերան մօտերը։ Հռիփսիմէ կոյսը իր հետ բերած էր Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը, զոր ի պահ դրած էր լերան ժայռերուն մէջ՝ Վաղարշապատ մեկնելէ առաջ իր ընկերուհիներուն հետ։ 653 թուականին, Թոդիկ անունով ճգնաւոր մը թաքնուած խաչը գտաւ՝ հետեւելով փայլուն լոյսի մը, որ Վարագայ լերան կատարը կը լուսաւորէր, եւ զինքը առաջնորդեց դէպի վանքի եկեղեցին, որուն խորանին տակ խաչը գտաւ։ Լոյսը փայլած էր 12 օր շարունակ։ Այս դէպքին ի յիշատակ, Ներսէս Շինող Կաթողիկոս հաստատեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնը եւ այս առթիւ գրեց «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ» իմաստալից ու գեղեցիկ շարականը։
Ս. Նշանի վանքը (Վարագայ վանք) շինուած էր Վարագայ լերան վրայ՝ Վանի հարաւ-արեւելեան կողմը, եւ շրջանի ամենամեծ գրադարաններէն ու թանգարաններէն մէկը ունէր։ Հոն բազմաթիւ հին ու ժամանակակից գիրքեր ու գեղարուեստի գործեր կային։ Վանքին դերակատարութիւնը բարձրացաւ, երբ Խրիմեան Հայրիկ տպարան մը եւ դպրոց մը հաստատեց՝ յուսալով, որ վանքը կը դառնար կրթական կեդրոն մը, եւ հիմնեց պատմական Հայաստանի մէջ տպուած առաջին թերթը՝ «Արծուի Վասպուրական»։ 1915ի Մեծ Եղեռնը Հայրիկի յոյսերն ու ծրագիրները ի դերեւ հանեց։ 30 Ապրիլ 1915ին, Վանի ինքնապաշտպանութեան ընթացքին, թրքական բանակին թնդանօթները քանդեցին Վարագայ վանքը։
«Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քո Քրիստոս պահպանեա զմեզ մարդասէր յաներեւոյթ թշնամւոյն. զի դու միայն ես թագաւոր փառաց օրհնեալ յաւիտեան։
Որ ի վերայ սորա տարածեցեր զանարատ բազուկս քո, եւ յեղեր զարիւնդ ի փրկութիւն տիեզերաց. զի դու միայն ես թագաւոր փառաց օրհնեալ յաւիտեան։
Ի միւսանգամ քո գալստեանն յերեւիլ սուրբ նշանիս, արժանի արա զծառայս քո վերստին նորոգման. զի դու միայն ես թագաւոր փառաց օրհնեալ յաւիտեան»
(Մարդասէր Քրիստոս, քու անարատ խաչիդ նշանով մեզ աներեւոյթ թշնամիէն պահպանէ, որովհետեւ միայն դուն յաւէտ օրհնեալ փառաց Թագաւոր ես։
Դուն ասոր վրայ քու անարատ բազուկներդ տարածեցիր եւ ամբողջ աշխարհի փրկութեան համար արիւնդ թափեցիր, որովհետեւ միայն դուն յաւէտ օրհնեալ փառաց Թագաւոր ես։
Քու յաջորդ գալուստիդ երբ այս սուրբ նշանը երեւի, քու ծառաներդ վերստին նորոգման արժանի ըրէ, որովհետեւ միայն դուն յաւէտ օրհնեալ փառաց Թագաւոր ես)։