ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ (ծնունդ՝ 16 Հոկտեմբեր, 1926)

Զարեհ Խրախունի, իր դպրոցական դասընկերոջ՝ Զահրատի հետ, պոլսահայ գրական նոր շարժման առաջնորդը եղած է ու անոր գլխաւոր տեսաբանը, թարմ շունչ բերելով հայ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ։
Բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան, ծնած է Պոլիս, 16 Հոկտեմբեր, 1926-ին։ Յաճախած է Գափամաճեան վարժարանը, ապա՝ 1935-1945-ին, վիեննական Մխիթարեաններու վարժարանը , զոր աւարտած է 1945-ին։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոլսոյ համալսարանէն, ուր նախ հետեւած է իրաւաբանութեան, եւ ապա՝ գրականութեան ճիւղի փիլիսոփայական բաժնին, զոր աւարտած է 1951-ին։ Փարիզի մէջ հետեւած է գրականութեան եւ արուեստի պատմութեան դասընթացքներու։
Զարեհ Խրախունի մասնակցած է Պոլսոյ գրական շարժման, նոր ոճ բերելով անոր։ Հանդիսացած է իր սերունդի բանաստեղծներու ձգտումներուն գլխաւոր արտայայտիչը, բանաստեղծութեան նոր ըմբռնումի մը կիրարկումով։ Ունեցած է նաեւ գործնական դեր եւ խմբագրական պատասխանատու մասնակցութիւն Մխիթարեան Սանուց Միութեան «Սան» պարբերաթերթի հրատարակութեան (1948-1955), ուր հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծութիւնը եւ «Մարմարա» օրաթերթի գրական բաժնին մէջ ստորագրած է գրական եւ մշակութային բնոյթի յօդուածներ։ Կատարած է թարգմանութիւններ։ 1952-1958 թուականներուն պաշտօնավարած է Էսաեան վարժարանը, դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն, տրամաբանութիւն, հոգեբանութիւն եւ հայերէն։ Դասաւանդած է նաեւ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, ուր տնօրէնի օգնական եղած է։
Հրատարակած է 16 բանաստեղծական ժողովածուներ, ինչպէս «Քար կաթիլներ» (1963), «Ես եւ ուրիշներ» (1964), «Լուսնապարտէզ» (1968), «Տօնակարգ» (1973), «Զբօսապտոյտ» (1978), «Դիւցազնահանդէս» (1984), «Ուղիներ» (1987), «Ստուեր եւ արձագանգ» (1988), «Ազատերգութիւն» (1993), եւ այլն։ Մամուլին մէջ ցրուած յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները հաւաքած է «Նշմարներ միւս երեսէն» հատորին մէջ (1991)։ Կատարած է թարգմանութիւններ, յատկապէս ֆրանսական արդի գրականութենէն։
Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու՝ Համազգայինի «Անահիտ» գրական մրցանակ, ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի մրցանակ, Ֆրանսահայ Գրողներու Ընկերակցութեան «էլիզ Գաւուքճեան-Այվազեան» գրական մրցանակ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակ։ Ստացած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան Ա. կարգի, Ս. Էջմիածնի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» եւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը։
Խրախունի հասած է որոշ բարձունքի մը իր ինքնատիպ թէքնիքով, բիւրեղացած լեզուով եւ իմացական արժանիքներով: Իր կատարած լուրջ եւ բեղուն գրական գործունէութեամբ եւ բանաստեղծելու արտակարգ կարողութեամբ ինքնուրոյն տեղ կը գրաւէ հայ արդի գրականութեան պատմութեան մէջ:
Զարեհ Խրախունի մահացած է Պոլսոյ մէջ, 27 Նոյեմբեր, 2015-ին։