ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՄԸ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին նշեց ծխական տիկ. Մէրի Տուկընի 100-րդ տարեդարձը։ Մէրի Տուկըն ծնած ու մեծցած է Կրանիթ Սիթի (Իլինոյ), 8 Հոկտեմբեր, 1924-ին, եւ 1950-ական թուականներուն հաստատուած է Նիւ Եորք, դառնալով Մայր Եկեղեցւոյ նուիրեալ ծխականը մինչեւ օրս։
Խօսք առնելով, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Արմէն Մորեան, անդրադարձած է տիկ. Տուկընի կեանքին, որ օրինակ մըն է Մայր Եկեղեցւոյ խաղացած դերին ամերիկահայութեան կեանքին մէջ։ Անոր ծնողքը զիրար ճանչցած ու ամուսնացած է Ս. Լուսաւորիչի մէջ, քանի որ եկեղեցին յատուկ ծրագրի մը ձեռնարկած էր ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն, զիրար կապելու վերապրող երիտասարդ կիներ, որոնց Լիբանանի եւ Սուրիոյ որբանոցները կ՚ապրէին, եւ երիտասարդ տղամարդիկ, որոնք Միացեալ Նահանգներ գաղթելով կ՚աշխատէին հիւսիս-արեւմտեան եւ միջին-արեւմտեան գործարաններուն մէջ։
Իր կարգին, հոգեւոր հովիւը՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, խօսեցաւ տիկ. Տուկընի օրինակելի վարքագիծին ու անոր դերին Մայր Եկեղեցւոյ ընտանիքին մէջ։ Տէր Հայրը այնուհետեւ մեծարեալին յանձնեց ոսկեայ խաչ մը, որ օրհնուած ու նուիրուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, յատուկ շնորհաւորագիր մը Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսէն, եւ յատուկ վկայագիր մը հովուին ու հոգաբարձութեան կողմէ։