Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄ

Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական շնորհաբաշխ այցելութեամբ ժամանեց Արեւելեան Թեմ։ Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի, ինչպէս եւ գաղութիս անդամներէն տիար Վեհ Պզտիկեանի եւ Սեւան Եղբայրեանի կողմէ։
Ներկայ հովուապետական այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Ամերիկայի ծուխերը՝ Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ), Ինտիըն Օրչըրտ, Ուստըր, Ուայթընզվիլ, Ուոթըրթաուն, Նորթ Անտովըր (Մէսէչուսէթս), Կրանիթ Սիթի, Կլենվիւ, Ուոքիկըն (Իլինոյ), Ռէյսին (Ուիսքանսըն) եւ Տիրպորն (Միշիկըն)։
Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու քրիստոնեայ-իսլամ բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը, Անուշաւան Արքեպիսկոպսի ներկայութեամբ, հանդիպում մը ունեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի գլխաւորութեամբ: Նորին Սրբութիւնը իրազեկ դարձաւ եկեղեցւոյ աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Հոգաբարձութիւնը նուիրատուութիւն մը կատարեց Դպրեվանքին ի զօրակցութիւն անոր առաքելութեան:
Նորին Սրբութեան այցելեց Կաթողիկոսարանի երկար տարիներու բարերար Ռիչըրտ Գարոլանը, որ նաեւ զանազան առիթներով օժանդակած է Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն եւ Կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գնահատանքը յայտնեց Ռիչըրտ Գարոլանին՝ իր գլխաւորած հիմնադրամին կատարած շարունակական օժանդակութեանց համար:
Փրաւիտընս
Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով Նիւ Եորքէն ժամանեց Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ), ուր դիմաւորուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոյն օրը, երեկոյեան, Հրաշափառի արարողութենէն ետք, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ անիկա վստահաբար հոգեւոր վերանորոգութեան նոր էջ մը պիտի բանայ այս եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:
Վեհը իր խօսքին սկիզբը բարձրօրէն գնահատեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեալ ծառայութիւնը: Ապա, ան յայտնեց, թէ ներկայ հովուապետական այցելութեան հոգեւոր խորհրդածութեանց իբրեւ նիւթ ընտրած է «Հայր մեր»ի մեկնաբանութիւնը: Նկատի ունենալով, որ հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանն է՝ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ աղօթքի իմաստին մասին, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով:
Նորին Սրբութեան պատգամին յաջորդեց Աջահամբոյր, որուն ընթացքին Հայրապետը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու եկեղեցւոյ անդամներուն:
Շաբաթ, 5 Հոկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց Փրաւիտընսի մէջ մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիոն։ Դատաւորը, 38 տարի Փրաւիտընսի քաղաքացիական դատարանին մէջ ծառայելէ ետք, հանգստեան կոչուած է 2023-ին, ընտրուելով քաղաքի քաղաքացիական դատարանի պատուակալ գլխաւոր դատաւոր։ Լսելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փրաւիտընսի այցելութեան մասին, դատաւորը ուզած էր հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Նոյն օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Մուրատ» ազգային վարժարան, յատուկ հանդիպում ունեցաւ երիտասարդութեան հետ եւ յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ առնչուած մարմիններուն հետ՝ հոգաբարձութիւն եւ Տիկնանց Միութիւն, ինչպէս նաեւ համայնքի քոյր կազմակերպութիւններուն հետ՝ Հ.Յ.Դ., Համազգային, Հայ Օգնութեան Միութիւն եւ Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւն:
Հանդիպումներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ծիրէն ներս գաղութին վերակենսաւորման հրամայականը: Անհրաժեշտ է դուրս գալ աւանդական մտածողութենէ ու գործելակերպէ երբ կ՚ապրինք արմատական փոփոխութիւններով լեցուն ընկերութեան մէջ։ Անհրաժեշտ է քայլ պահել նոր երեւոյթներու, մտահոգոթիւններու եւ զարգացումներրու հետ, միշտ ամուր պահելով այն արժէքներն ու աւանդութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն մեր ինքնութիւնը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ առիթ ունեցաւ այցելելու Փրաւիտընսի մէջ հաստատուած Ռոտ Այլընտի Հայ Պատմագիտական Ընկերակցութեան թանգարանը: Ան նաեւ մասնակցեցաւ համայնքի մարմիններուն կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին:
Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագ մատուցեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոսի։
Նորին Սրբութիւնը օրուան իր պատգամը կեդրոնացուց Քրիստոսի խօսքին վրայ. «ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կեանքի ճշմարիտ հասկացողութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է մարդուն: Հետեւաբար, զայն պէտք է ապրիլ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ: Մարդկային կեանքին առանցքն ու նպատակը պէտք է դառնայ Աստուած ի՛նք. առանց Աստուծոյ կերպարանափոխիչ ներկայութեան, մարդուն կեանքը կը կորսնցնէ իր նկարագիրն ու նպատակը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Նոյն երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Հանդիսավարն էր Ազգային Վարչութեան անդամ Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան: Հերթաբար խօսք առին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Աթթարեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ, յանուն թեմի կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն, որդիական խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ Միջին Արեւելքի այս տագնապալի շրջանին, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, յաջողցուց հովուապետական իր այցելութիւնը, ապացուցելով, որ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա տարածուող Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերը կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն, մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ։
Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու գլխաւոր գաղափարներու: Ան շեշտեց, թէ մենք արժէքներու, սկզբունքներու եւ իտէալներու շուրջ համախմբուած համայնք ենք, եւ միաժամանակ ընտանիք ենք, որ զանազան պատասխանատուութիւններով լծուած է ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան: Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով գնահատեց երիտասարդներու մասնակցութիւնը Փրաւիտընսի հայ համայնքի կեանքին մէջ:
Ճաշկերոյթի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներ համայնքին դաստիարակչական ծառայութիւն մատուցած Մակի Նալպանտեանը եւ «Կիլիկեան Ասպետի շքանշանով՝ Յակոբ Խաչատուրեանը, համայնքային կեանքի, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի մակարդակով իր ծառայութեան համար։
Կիրակի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, ընդունեց Փրաւիտընսի կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Ռիչըրտ Հենինկի այցելութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Փրաւիտընսի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը:
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց եպիսկոպոսին սերտ յարաբերութիւնը հայ համայնքին հետ եւ անոր մասնակցութիւնը մեր եկեղեցւոյ կազմակերպած ձեռնարկներուն: Ապա, անդրադարձ կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի յարաբերութեան: Եպիսկոպոս Հենինկ, որ շուտով պիտի ստանձնէ Պոսթընի առաջնորդութիւնը, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ ազգային առաջնորդարանին հետ սերտ կապեր կը մշակէ:
Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի ռազմական հարցերու յանձնաժողովի ատենապետ ծերակուտական Ճէք Ռիտի, նահանգի այլ ներկայացուցիչներու կողքին։
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր համայնքներուն եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի մէջ կարելի փութով զինադադար հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ Փրաւիտընսի քաղաքապետ Պրէթ Սմայլին:
Աւելի ուշ, Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, միջ-եկեղեցական աղօթք կատարուեցաւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ նահանգի ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւորականներուն: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու առաջնորդները, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան։
Արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն, շեշտելով միջ-եկեղեցական գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, տեղական մակարդակի վրայ եւս: Հայրապետը յիշեցուց, որ հայ եկեղեցին, հին դարերէն սկսեալ, յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան ու գործակցութեան:
Միջ-եկեղեցական արարողութենէն ետք, ներկաները ճաշի հիւրը եղան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:
Ինտիըն Օրչըրտ
Նոյն օրը, Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը Փրաւիտընսէն ուղղուեցան Ինտիըն Օրչըրտ, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցան հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ: Կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղելով ներկաներուն, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կ՚այցելէ այս եկեղեցին: Ան յիշեց, որ Նիւ Եորք իր ուսանողութեան տարիներուն յաճախ այցելած է այս եկեղեցին ու մատուցած Ս. Պատարագ: Ան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ համայնքի իւրայատուկ նկարագրին որպէս Աստուծոյ տունը, իսկ հաւատացեալներուն՝ որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը: Նորին Սրբութեան պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, եւ ապա ճաշկերոյթ՝ ծխայիններուն մասնակցութեամբ:
Ճաշկերոյթին յաջորդաբար խօսք առին հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան ատենապետ Թանիա Ղարիպեան, գնդ. Սարաֆեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Փակման իր օրհնութեան խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադրաձաւ Առաջնորդարան-ծուխ յարաբերութեան հետ առնչուած շարք մը երեւոյթներու, շեշտելով յարաբերութիւնը հետեւողական գործակցութեան վերածելու անհրաժեշտութիւնը: Ապա, ան իր խօսքը ուղղելով ներկայ համալսարանական երիտասարդներուն, ըսաւ, թէ հարկ է ուսումը արժեւորել ծառայութեամբ եւ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մասնակցութեամբ:
Ուստըր
Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբով, ժամանեց Ուստըր, ուր դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ, գլխաւորութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանի:
Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի, ուր հաւաքուած էին քաղաքի կաթոլիկ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը եւ զանազան համայնքներու հոգեւոր հայրեր ու հաւատացեալներ:
Արարողութենէն ետք, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ողջունի խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, յիշելով, որ Ուստըրի համայնքը հնագոյնն է ամերիկեան ցամաքամասին վրայ եւ իր առաքելութիւնը կը կատարէ ամենայն կենսունակութեամբ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջին հերթին ողջունեց օտար եկեղեցականներու ներկայութիւնը, զայն նկատելով միջ-եկեղեցական գործակցութեան շօշափելի արտայայտութիւն: Ան ըսաւ, թէ թէեւ եկեղեցին բաժնուած է զանազան պատճառներով պատմութեան ընթացքին, սակայն եկեղեցւոյ ներքին միութիւնը մնացած է ամուր: Միջ-եկեղեցական շարժումին նպատակն է գործակցութեան ճամբով եկեղեցւոյ միութեան տալ գործնական արտայայտութիւն:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը, ընդհանուր բնաբան ընտրած ըլլալով «Հայր մեր» աղօթքը, յայտնեց, թէ մեր միւս գաղութներուն կատարած այցելութեանց ընթացքին ընդհանրապէս խօսած է աղօթքի կարեւորութեան ու իմաստին մասին, ուստի վեր առաւ Տէրունական աղօթքին առաջին նախադասութիւնը՝ «Հայր մեր, որ երկնքի մէջ ես»: Ան յիշեց, որ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ գաղափարը զանազան կերպերով ըմբռնուած է մարդուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը զԱստուած մեկնաբանեց իբրեւ սիրող, մխիթարող, ներող ու գուրգուրացող Հայր: Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուած որպէս Հայր մօտեցաւ մարդուն եւ երկինքը դարձաւ ներկայութիւն երկրի վրայ: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը եւ եկեղեցւոյ պատասխանատուները:
Աջահամբոյրէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գողտրիկ յայտագիր մը: Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Հայր Արտակին նուիրեալ ծառայութեան եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին իր գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին պայծառացնելու:
Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ յաջորդաբար ընդունեց շրջանի պետական երեսփոխանները եւ քաղաքապետը, հանդիպումներ ունեցաւ հոգաբարձութեան եւ այլ մարմիններու հետ։
Ուայթընզվիլ
Նոյն յետմիջօրէին, Վեհափառը ուղղուեցաւ դէպի Ուայթընզվիլ։ Առաջին հերթին կանգ առաւ նորակառոյց համեստ յուշահամալիրի մը առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք։ Համալիրը կառուցուած է առ ի երախտագիտութիւն Ուայթընզվիլի իշխանութեան, որ ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ընդունած է այս շրջանին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց գաղութի այս ձեռնարկը, որով կը մարմնաւորուէր ե՛ւ իշխանութեան ասպնջանականութիւնը ե՛ւ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը։ Այնուհետեւ շքախումբը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ներկայացնելէ ետք եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը, հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որ իր պատգամը ուղղէ։ Նորին Սրբութիւնը, շարունակելով Տէրունական աղօթքի շուրջ խորհրդածութեան իր շղթան, անդրադարձաւ Աստուածոյ սրբութեան՝ «Սուրբ եղիցի անուն քո»։ Յայտնեց, թէ ամէն ինչ որ կու գայ Աստուծմէ սուրբ է, մաքրամաքուր եւ բարի, եւ հրաւիրեց, որ հաւատեալները նոյն ձեւով ցոլացնեն աստուածային սրբութիւնը իրենց կեանքին մէջ։
Եկեղեցւոյ սրահին մէջ ընտանեկան ջերմ ընդունելութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ դէպի Պոսթըն։