Շաբաթ, 14 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ մեր ժողովուրդի սրտին մօտիկ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Ըստ էութեան, եկեղեցական օրացոյցը նմանօրինակ երկու տօներ ունի։ Առաջինը կը նշուի Հոգեգալստեան հինգերորդ Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթին՝ Ս. Սահակ Հայրապետի եւ Մեսրոպ Վարդապետի տօնին առթիւ, որ կրնայ Յունիսին կամ Յուլիսին համընկնիլ, իսկ երկրորդը՝ Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրը։
Հոկտեմբերի տօնը կը կեդրոնանայ հայ գիրերու գիւտին եւ թարգմանիչներու իրագործումներուն վրայ։ Դպրոցական ցանցի մը հաստատման կողքին, Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի գլխաւորած խումբը գրաւոր մշակոյթի հիմքը դրաւ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ։ Այս ճակատագրական իրադարձութեան յաջորդեց թէ՛ ինքնագիր եւ թէ՛ թարգմանական գրականութեան ծաղկումը։ Այս սերունդին գործը ո՛չ միայն Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյն նկարագիրը կերտեց, այլեւ 5րդ դարը մշակոյթի Ոսկեդարու վերածեց։
Հայ մշակոյթի երախտաւորներէն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս (1943-1952) Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբերը Հայ Մշակոյթի Ամիս հռչակուած է։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը այս տօնը կը նշէ զանազան մշակութային ձեռնարկներով, որոնք ո՛չ միայն անցեալը կ՚ոգեկոչեն, այլեւ մեր օրերու մտաւորականներու իրագործումները կ՚արժեւորեն։
Ս. Մեսրոպի ու Ս. Սահակի կողքին, այս Շաբաթ օր յատուկ յիշատակութեան կ՚արժանանան անոնց երկու աշակերտները. Եղիշէն՝ Վարդանանց պատերազմի ականատեսն ու պատմիչը, եւ Մովսէս Խորենացին՝ հայոց պատմահայրը։ Հետագայ դարերէն ուրիշ երեք հռչակաւոր անուններ ալ կը յիշատակուին. հայ փիլիսոփայական մտքի հիմնադիրներէն՝ Դաւիթ Անյաղթ, հայ բանաստեղծութեան եւ աստուածաբանութեան գագաթներէն՝ Գրիգոր Նարեկացի, եւ բեղուն գրող, երաժիշտ ու աստուածաբան՝ Ներսէս Շնորհալի։
Հայ գիրերու գիւտով եւ անոր յաջորդող թարգմանութիւններով, 5րդ դարու թարգմանիչներն ու մատենագիրները մեր պատմութեան ընթացքը փոխեցին անշրջելի կերպով։
Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս անեղին, հաստատելով յերկրի զգիր կենդանի հովուել զհօտ նոր իսրայելի. երգով քաղցրութեամբ հնչմամբ զաստուած օրհնեսցուք։
Որք երկրաւոր մեծութիւն փառաց խաւար կոչեցին, ապաւինելով ի յոյս անմահ փեսային անճառ բանին արժանի եղեն. երգով քաղցրութեան հնչմամբ զաստուած օրհնեսցուք։
Որք զօրութեամբ հօր իմաստութեան էին անեղի հաստատեցին զաթոռ սրբոյն Գրիգորի թարգմանութեամբ նշանագրութեան. երգով քաղցրութեան հնչմամբ զաստուած օրհնեսցուք։
Որք նորափետուր բանիւ զարդարեալ պայծառազգեցան եկեղեցիք հայաստանեայց ի ձեռն սրբոյն սահակայ. երգով քաղցրութեան հնչմամբ զաստուած օրհնեսցուք։
(Անոնք տնօրինաբար աստուածային իմաստութիւնը զարդարեցին, կենդանի գիրը երկրի վրայ հաստատելով, հովուելու Նոր Իսրայելի հօտը։ Քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք։
Անոնք երկրաւոր փառքի մեծութիւնը խաւար կոչեցին, անմահ Փեսայի յոյսին ապաւինելով անճառ Բանին արժանի եղան. Քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք։
Անոնք անեղ Հօր իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ՝ նշանագրային թարգմանութեամբ Սուրբ Գրիգորի աթոռը ամրացուցին։ Քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք։
Անոնք նորափետուր խօսքով զարդարուած՝ Սուրբ Սահակի միջոցաւ, Հայոց եկեղեցիները պայծառացուցին. Քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք)։
(«Կանոն Սրբոց Թարգմանչաց»)