Վաղամեռիկ քաղաքական գործիչ Աշոտ Նաւասարդեանի Խորհրդային Հայաստանի այլախոհական շարժումի մասնակից եւ նորանկախ Հայաստանի առաջին տարիներու քաղաքական դէմքերէն մէկը եղած է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան հիմնադիրը։
Ծնած է Երեւան, 28 Մարտ, 1950-ին։ Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղը։ Ազգային Միացեալ Կուսակցութիւն ընդյատակեայ կազմակերպութեան անդամակցած է 1968-ին եւ անոր խորհուրդի անդամ եղած՝ 1973-ին։ Հանդէս եկած է խորհրդային ամբողջատիրական համակարգի քննադատութեամբ եւ Հայ Դատի պաշտպանութեամբ։ Հայ ժողովուրդի ապագան կապած է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հետ։
Նաւասարդեան իր գաղափարներու տարածման համար երեք անգամ կալանաւորուած է եւ ընդամէնը դատապարտուած՝ 17 տարուան բանտարկութեան ու 5 տարուան աքսորի։ Կալանավայրերուն մէջ անցուցած է շուրջ 12 տարի, վաղաժամ ազատելով երկրորդ եւ երրորդ անգամ։ 1987 թուականին ազատ արձակուելէ ետք շարունակած է քաղաքական գործունէութիւնը, իսկ 1989-1990 թուականներուն Ազգային Ինքնորոշման Միաւորման խորհուրդի անդամ եղած է։ Օգոստոս 1990-ին արդարացման արժանացած է Հայաստանի Գերագոյն Դատարանի որոշմամբ, յանցակազմի բացակայութեան պատճառով։
Ազգային Ինքնորոշում Միաւորման կազմակերպութեան խորհուրդի անդամներուն հետ հիմնած ու ղեկավարած է Անկախութեան Բանակ ռազմա-քաղաքական կազմակերպութիւնը (1989), որ մասնակցած է Հայաստանի պաշտպանութեան եւ Արցախի ազատագրութեան մարտերուն։
Հետեւած է Գարեգին Նժդեհի ցեղակրօնութեան ուսմունքին եւ 1990 թուականին հիմնադրած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը, որուն առաջին ղեկավարը եղած է։ Նոյն տարին ընտրուած է Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի, իսկ 1995ին՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր։ Սրտի հիւանդութեան պատճառով մահացած է 47 տարեկանին, 3 Նոյեմբեր, 1997-ին։ Թաղուած է Եռաբլուրի մէջ։