Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԿՈՉԸ՝ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Փառք կու տանք Ամենակալին, որ Սուրիոյ պետական յեղաշրջումը իր աւարտին հասաւ կարճ ժամանակամիջոցին։ Նոր իշխանութիւնը հանդիպում ունեցաւ քրիստոնեայ բոլոր համայնքապետերուն հետ Հալէպի մէջ եւ երաշխաւորեց համայնքներուն բնականոն կեանքի շարունակութիւնը։ Յուսով ենք, որ յառաջիկային այս յարաբերութիւնը կ՚ամրապնդուի գործնապէս։

Ուրախ ենք յայտնելու, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ամերիկայի երեք թեմերու օժանդակութիւնը յաջողած է շուտափոյթ կերպով փոխանցել ազգային իշխանութեան, որ կատարած է բաշխումը։ Այսուհանդերձ, տնտեսական կեանքի տագնապը կը շարունակուի սուր կերպով։ Ուստի, կը դիմենք ձեզի, սիրելի հարազատներ, որ սրտաբաց կերպով շարունակենք մեր օժանդակութիւնը մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ թեթեւցնելու համար անոնց առօրեայի կենցաղային հոգերը։

Աղօթարար՝

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ