
News
ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐ
Բուն Բարեկենդանը կը նշէ Մեծ Պահքի շրջանը, սակայն պահեցողութիւնը կը սկսի Երկուշաբթի, 16 Փետրուարին։ Մեծ Պահքը եկեղեցական տօնացոյցի պահքի ամենէն երկար շրջանն է, որ կը տեւէ 40 օր, մինչեւ Ղազարի յարութեան տօնը, որ Ծաղկազարդի նախորդող Շաբաթ օրն է, որուն կը յաջորդէ Աւագ Շաբաթը։