Featured, Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԵՒ «ԶԱՐԵՀԵԱՆ» ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդառաջած ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Զարեհեան» Դպրեվանքի տեսչութեան առաջարկին, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Թրթռեանը՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, առաքեց Լիբանան։ Տէր Հայրը, որպէս Դպրեվանքի շրջանաւարտ, իր ծառայական եւ հովուական կեանքի փորձառութենէն մեկնած, դպրեվանքի սարկաւագներուն ներկայացուց «Հայ եկեղեցականի ինքնութիւնը եւ ուսուցանելու ու բուժելու անոր առաքելութիւնը» նիւթը։

Դասախօսութիւն-զրոյցը տեղի ունեցաւ երեք օրերու ընթացքին՝ 11-13 Մարտին, Դպրեվանքի «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» մատենադարանէն ներս, ամէն օր յետմիջօրէի ժամը 2:30-4:30:

Հանդիպումներուն ընթացքին, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. մանրամասնօրէն խօսեցաւ եկեղեցականի ինքնութեան եւ անոր կոչումին մասին, շեշտելով, թէ «եկեղեցականը, ուր որ երթայ, ինչ որ ալ ընէ, ան միշտ պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ թէ ինքն է Քրիստոսի եւ Ս. Եկեղեցւոյ հայելին եւ երբ մարդիկ անոր կը նային իր ընդմէջէն պէտք է տեսնեն Քրիստոսն ու Ս. Եկեղեցին»:

Ինքնութեան նիւթի ներկայացման առընթեր,  ան նաեւ խօսեցաւ կատարեալ եկեղեցական դառնալու ձգտումի պայմաններուն մասին, կեդրոնանալով յատկապէս քարոզելու, ուսուցանելու եւ բժշկելու մարզերուն  վրայ: Ունկնդիրները իրենց բազմաթիւ եւ հետաքրքրական հարցումներով աշխոյժ մասնակցութիւն բերին  քահանայ հօր ներկայացումներուն։

Հանդիպումներու աւարտին, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան, իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ Դպրեվանքի տեսչութեան փափաքին ընդառաջելով այս անհրաժեշտ եւ օգտաշատ առիթը ընծայած էր, ինչպէս նաեւ Տէր Նարեկին, որ իր հովուական ծառայութենէն դադար առնելով, իր թանկագին ժամանակէն, մտքէն ու հոգիէն նուիրեց դպրեվանեցիներուն։ Հուսկ, Տեսուչ Հայր Սուրբը յուշանուէրով մը պատուեց դասախօսը։