Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՃՈՐՃ ԱՒԱԳԵԱՆ (ծնունդ՝ 15 Մարտ, 1919)

Ճորճ Աւագեան ամերիկահայ յայտնի ձայնագրութիւններու արտադրիչ եւ արուեստագէտներու ներկայացուցիչ եղած է, լայն համբաւի տիրացած՝ ամերիկեան ձայնագրութեան մեծ ընկերութիւններու իր աշխատանքով 1939-էն մինչեւ 1960ական թուականները։ Ամերիկեան ձայնագրութեսն ընդարձակման ու զարգացման կարեւոր ոյժ մը եղած է։

Ճորճ (Գէորգ) Մեսրոպ Աւագեան ծնած է 15 Մարտ, 1919ին, Ռուսաստանի Արմաւիր քաղաքը (Հիւսիսային Կովկաս)։ 1923 թուականին ընտանիքով տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ։ 1941-ին աւարտած է Եէյլ համալսարանը։ 1939-ին կատարած է ճազի իր առաջին ձայնագրութիւնը։ Եղած է ճազի շատ յայտնի երաժիշտներու՝ Տէյվ Պրուպէքի, Լուի Արմսթրոնկի, Մայլզ Տէյվիսի եւ ուրիշներու արտադրիչը։ 1946-1958-ին Columbia Records ընկերութեան աշխատելով, առաջին երկար (long play) ձայնապնակները եւ կենդանի ձայնագրութիւնները արտադրած է աշխարհի մէջ։ Առաջիններէն եղած է, որ ճազի պատմութեան համալսարանական դասընթացք մը վարած է (Նիւ Եորք համալսարան, 1948)։

1948-ին, Աւագեան ամուսնացած է ապագայ նշանաւոր ջութակահար Անահիտ Աճէմեանի հետ (1925-2016), որուն հետ ունեցած է երեք զաւակներ եւ 68 տարուան ամուսնութիւն մը։

1957 թուականին, Աւագեան Միացեալ Նահանգներու ձայնագրութեան արուեստի ազգային ակադեմիայի հիմնադիր անդամ եղած է, իսկ 1966-1967ին՝ նախագահ։ Ամերիկեան ճազի ամենամեծ հեղինակութիւններէն մէկը համարուած է։ 1961 թուականին «Կրեմմի» մրցանակին արժանացած է «Լաւագոյն ալպոմ» անուանակարգին մէջ։ 1960-1980-ական թուականներուն կազմակերպած է ճազի բազմաթիւ երաժիշտներու համերգային շրջապտոյտները Խորհրդային Միութեան մէջ։ 1984-ին Մալթայի ասպետներու ասպետութեան կոչումը ստացած է, իսկ 1990-ին՝ խորհրդային Լենինի շքանշանը։ Արժանացած է նաեւ ամերիկեան եւ ֆրանսական բազմաթիւ պարգեւատրումներու։ 1998 թուականին այցելած է Հայաստան եւ մասնակցած՝ Երեւանի ճազի առաջին միջազգային փառատօնին։

Ճորճ Աւագեան մահացած է 22 Նոյեմբեր, 2017-ին, Նիւ Եորքի մէջ։