Առաջնորդարանէն

«ՄԻՒԶԻՔԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ 40-ՐԴ ՀԱՄԵՐԳԸ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ

Կիրակի, 9 Մարտին, Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքլ Արմինիա» տարեկան յայտագրի 40-րդ համերգը, «Գառնըկի հոլ»ի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ, ներկայացուց երկու խոստնալից երիտասարդներ՝ 16-ամեայ դաշնակահար Վարդան Առաքելեանը եւ 21-ամեայ դաշնակահար եւ երգահան Առնօ Մելքոնեանը։ Լեցուն սրահի մը առջեւ տեղի ունեցած համերգը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

Վարդան Առաքելեան ներկաներուն հրամցուց Պախի, Պէթհովէնի, Շոփէնի եւ Շումանի գործեր, իր յայտագիրը ամբողջացնելով Առնօ Բաբաջանեանի «Դաշնակի վեց պատկերներ» գործի մէկ հատուածով։

Միջնարարէն ետք, Առնօ Մելքոնեան նուագեց Բաբաջանեանի «Նախերգանք», որմէ ետք, երիտասարդ երաժիշտներ Անալունա Շահինի, Ալիսա Շինի (ջութակ), Մինճուն Սէօ (ջութ), Քերալթ Ժիրալթ (թաւջութակ) եւ Ալի Ռեզա Խոտայարիի (թառ) ընկերակցութեամբ, ներկայացուց իր սեփական ստեղծագործութիւննրէն մէկ քանին, ինչպէս «Հարսանեկան երգ», «Հայրենասիրական ռափսոտի», «Լարային թիւ 1 քառեակ» եւ, առաջին անգամ ըլլալով, «Ի յիշատակ Արցախին» երեք շարժումներով գործը դաշնակի համար։

Յայատագրէն ետք, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հիւրընկալեց երիտասարդ երաժիշտները Առաջնորդարանին մէջ, ջերմ գնահատանքով արտայայտուելով անոնց մասին։ Ան գնահատեց արուեստի մէջ բարձր մակարդակով ձեռք բերած անոնց հմտութիւնը եւ մաղթեց բարձրագոյն մակարդակի յաջողութիւններ։