Կաթողիկոսարանէն

ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՎՐԴՈՎՄՈՒՆՔ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ուժեղ յայտարարութիւն մը կատարեց, դատապարտելով Վատիկանի հովանաւորութեան տակ գտնուող Հռոմի Գրիգորեան համալսարանի որոշումը՝ «Քրիստոնէութիւն Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրուվ 10 Ապրիլի գիտաժողովը հիւրընկալելու։ Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու բաժանմունքի վարիչ՝ ծիրանաւոր Գլաուտիօ Կուճերոթթիին ուղղուած նամակով, Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց «խոր ցաւ ու ընդվզում», ձեռնարկը կոչելով «բացայայտ անարդարութիւն մը պատմական ճշմարտութեան դէմ»։

Իր կարգին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը յայտարարութիւն մը հրապարակեց, ափսոսալով Վատիկանի դերը այս գիտաժողովին մէջ, որուն ընթացքին «ադրբեջանական քարոզչամեքենայի նախաձեռնութեամբ հերթական անգամ փորձ է արուել ժխտելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հայկական պատկանելութիւնը, խեղաթիւրելու պատմական իրողությունները՝ այն հետագայում իւրացնելու չարամիտ նպատակով»։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, միւս կողմէ, քննադատեց Վատիկանը «անպատասխանատու քայլ»ը, յայտնելով, թէ այս գիտաժողովի միջոցով, անիկա արտօնած էր «դիտաւորեալ հնութեան յօրինումի մը՝ ռազմավարութեան մը, որ կը ձգտի ո՛չ միայն օրինականացնել ներկայիս տարածքային պահանջքները Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, այլ նաեւ ջնջել աւելի հին քաղաքակրթութիւններու ներկայութիւնը, որոնց արմատները խորն են եւ պատմութիւնները վերացնելու համար՝ անյարմար»։

Ատպէյճանական պետական հաստատութիւններու կողմէ կազմակերպուած եւ Վատիկանի աջակցութիւնը վայելող այս ձեռնարկը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի ամբողջ բնակչութեան տեղահանումէն նուազ քան երկու տարի ետք, հետեւելով հայկական կոթողներու փճացումով տասնամեակներ շարունակ իրագործուած մշակութային եղեռնին, որուն ամենէն ցայտուն արտայայտութիւնը եղած է Նախիջեւանի շուրջ 10.000 խաչքարերու քանդումը Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութեան կողմէ։

Անդրադառնալով այս երեւոյթին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, դիտել տուաւ պահուն ծանրութիւնը։ «Աստուած մի՛ արասցէ, որ օր մը Ատրպէյճանի ցեղասպան իշխանութիւնը իր նպատակին հասնի եւ Հայաստանը քարտէսէն ջնջէ ու անուանէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան», ինչպէս յաճախակի կերպով կը յայտարարէ արդէն», ըսաւ ան։ «Յայտնի է, որ հինաւուրց ժառանգութեան մը կեղծարարութիւնը պիտի կրկնուի։ Այն ատեն, ի՞նչ պիտի ըլլայ քաղաքակրթութած արեւմտեան աշխարհի դիրքորոշումը»։