Առաջնորդարանէն

ՏՆՕՐՀՆԷՔ՝ «ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլի առաւօտուն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած աւանդութեամբ, այցելեց Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանը, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ․ Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Տնօրհնէք կատարելու եւ հանդիպում ունենալու աշակերտութեան հետ։

Աշակերտութեան ներկայացուցած գեղարուեստական կոկիկ յայտագրէն ետք, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի հետաքրքրաշարժ բաժին, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը վեր առաւ աշակերտութեան ուշիմութիւնը եւ անոնց ունեցած հետաքրքրութեան լայն տարածքը, եւ միաժամանակ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ բարերարները։