Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ՕՐԲԵԼԵԱՆ (մահ՝ 24 Ապրիլ, 2014)

Կոստանդին Օրբելեան ծնած է 29 Յուլիս, 1928-ին, Արմաւիր (Հիւսիսային Կովկաս)։ Երաժշտական ընդունակութիւնները յայտնուած են մանուկ հասակին։Ծնողները շնորհալի փոքրիկը ուղարկած են Պաքուի երաժշտանոցին կից տաղանդաւոր երեխաներու համար նախատեսուած երաժշտական յատուկ դպրոցը։ Դժբախտաբար, ան շատ կարճ ժամանակ սորված է հոն։ Օրբելեանի ծնողները ստալինեան բռնութեան զոհ դարձած են. Հայրը ձերբակալուած ու գնդակահարուած է 1936-ին, իսկ մայրը երկու տարի ետք ձերբակալուած ու հինգ տարուան աքսորի ուղարկած են։ Կոստանդին հեռացուած է դպրոցէն եւ ինք ու իր եղբայրը տեղափոխուած են Արցախի փոքրիկ գիւղերէն մէկը։

1942-ին Կոստանդին Օրբելեան աշխատանքի ընդունուած է օդանաւային զօրախումբի ճազային խումբը իբրեւ դաշնակահար։ Որոշ ժամանակ անց պատանին ռազմական նուագախումբին հետ միասին սկսած է համերգներ տալ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ճազի երաժիշտները իրենց համար նոր տաղանդ բացայայտած են այդ համերգներուն ժամանակ եւ 14 տարեկան պատանին հրաւիրած են նուագել Հայաստանի էստրադային նուագախումբին մէջ։ Օրբելեան սկսած է երգահանութեան ասպարէզին մէջ իր ուժերը փորձել 1945-ին, լուրջ յաջողութիւններու հասնելով։ Գրած է երգեր էսդրատային նուագախումբին համար։

1952 թուականին Օրբելեան հեռացած է նուագախումբէն եւ ընդունուած՝ Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը։ Երկու տարի ետք աւարտելէ ետք, մտած է Երեւանի (այժմ՝ Կոմիտասի անուան) պետական երաժշտանոցը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1961-ին։ 1955-ին մեծ յաջողութեան արժանացած է նոր ասպարէզի մը մէջ, «Սիրտը երգում է» ֆիլմի երաժշտութեամբ։ Յաջորդ տարին, հրաւիրուած է վարելու Հայաստանի էստրադային նուագախումբը (1956-1992) իբրեւ նուագավար եւ գեղարուեստական ղեկավար։ 1957-ին դարձած է Խորհրդային Միութեան երգահաններու միութեան անդամ։

Օրբելեան հեղինակած է բազմաթիւ երգեր էստրադային եւ ճազի երաժիշտներու համար, բայց նաեւ ճանաչում գտած է աւելի «լուրջ» սեռերու մէջ, յօրինելով համանուագային գործեր եւ «Անմահութիւն» բեմապարը (1969)։ Նաեւ գրած է երաժշտութիւն թատրոնի եւ շարժապատկերի համար։ 1974-ին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի, իսկ 1979-ին՝ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսներուն արժանացած է։ Ստացած է զանազան շքանշաններ Խորհրդային Միութեան, Պուլկարիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։

Օրբելեան 1992-ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ապրելով նախ Սան Ֆրասիսքոյի եւ ապա՝ Լոս Աեճելըսի մէջ։ Մահացած է 24 Ապրիլ, 2014-ին։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ (Երեւան)։