ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ՝ ՀԱՅ ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ Հայ Իրաւաբանական Ընկերակցութեան կազմակերպուած հանրային ծառաներու ի պատիւ ընթրիքին, ուր բացման աղօթքը կատարեց։ 2025 թուականի մեծարեալներն էին Նիւ Եորքի նահանգապետ Քէթի Հոքլ եւ նախագահ Ռոնըլտ Ռէկընի գլխաւոր ճառագիր Քէն Խաչիկեան։